2008-12-02 13:19:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը զգուշացնէ նոր սերունդը տեղեկաբանութեան վտանգներէն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, դեկտեմբեր մէկին, ընդունելով Իտալիոյ Բարմա համալսարանի դասախօսները եւ ուսանողները զգուշացուց երիտասարդները տեղեկաբանութեան վտանգներէն, որ կարող է միշտ աւելի կղզիացնել անհատը զօրութենական իրադրութեան մը մէջ։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց համալսարանի դրական դերը։ Համալսարանական աշխատանքը հիմնուած է փնտռտուքի ու խորհրդածութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ուրիշի հետ բաժնեկցումի ու

բաղդատութեան վրայ։ Անդրադառնալով համալսարանի կեանքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՙ ՙՀամալսարանի վաւերականութեան չափանիշերն են. ազատութիւնը, դասաւանդութեան ազատութիւնը, փնտռտուքը, ակադեմական օրէնքին ազատութիւնը՝ յաչս տնտեսական ու քաղաքական իշխանութիւններու՚ ՚։



Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահ Mahinda Rajapakse, քաջալերեց երկրին իշխանութիւնը ՙ ՙ կլոր սեղան նստիլ ու երկխօսութիւն հաստատել ընդդիմադիրներու հետ՚ ՚ փրկելու երկիրը քաղաքացիական ընդհարումներէն։ Նախագահ Mahinda Rajapakse 15 վայրկեան տեսակցութիւն ունեցաւ Սրբազան պապին հետ եւ ապա հանդիպում ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթիին հետ։ Յայտնենք թէ Սրի Լանքան 35 տարիէ արիւնալի ընդհարումի մէջ է Գոլոմպիայի կառավարութեան ու ՙ ՙթամուլ՚ ՚ անջատողականներու միջեւ։ 1972է ն մինչեւ այսօր շուրջ 70.000 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին բռնութիւններու հետեւանքով։

Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահի այցելութեան աւարտին Ս. Աթոռի մամուլին տուած հաղորդագրութեան մէջ Վատիկանը կը մաղթէ որ կաթողիկէ եկեղեցին շարունակէ ազատութեամբ իր առաքելութիւնը կատարել , բերելով իր նպաստը հոգեւոր կեանքի վկայութեամբ, կրթական ու առողջապահական ներգործութիւններով, ու յանձնառումով հասարակաց բարիքին ի խնդիր։

Նախագահ Mahinda Rajapakse պուտտա կրօնքին հետեւող է, իսկ իր կողակիցը կաթողիկէ է։ Սրի Լանքայի բնակչութեան 70 տոկոսը պուտտայական է, 15ը` ինդու , մահմետականները կը կազմեն 7,5 տոկոսը, նոյնքան են նաեւ քրիստոնեաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.