2008-12-02 13:49:48

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԸ։

Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Պարաք Օպամա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց իր վարչակազմին մաս կազմելիք անձերուն անունները։

Ան Սիւզըն Ռայսը նշանակեց ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան նախագահ, իսկ Հիլըրի Քլինթընը՝ Արտաքին Գործոց Նախարար։ Միւս կողմէ, Օպամա Ռոպերթ Կէյցէն պահանջեց մնալ պաշտպանութեան նախարարի իր պաշտօնին վրայ։Նշենք որ Կէյց սոյն պաշտօնին պուշի կողմէ նշանակուած էր։



Եւրոպական Խորհրդարանը կուզէ ճշմարտութիւնը իմանալ Հրանդ Տինքի

սպանութեան մասին։

՝՝Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հիմքը ռազմավարութիւն չէ, այլ ժողովրդավարութիւնը՝՝, այսպէս յայտարարած է Եւրոպական Խորհրդարանի Թուրքիա-ԵՄ յանձնաժողովի նախագահ Եուստ Լակենդիկը։ Իր խօսքերուն համաձայն, Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցին մէջ, (որ պիտի ներկայացուի մօտ ժամանակէն), առանձնակիօրէն շեշտուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու դրական զարգացումը։ Միեւնոյն ժամանակ, կը նշուի որ Թուրքիոյ աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւնը տարածաշըրջանէն ներս ,չի նուազեցներ երկրէն ներս բարեփոխումներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Եւրոպական խորհրդարանի նիստի ընթացքին առանձնակի ուշադրութեան արժանացած՝ Պոլսոյ երկլեզու(հայերէն-թրքերէն) ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Մասնաւորապէս Եւրոխորհրդարանի մարդու իրաւունքներու ենթակոմիտէի ղեկավար Հելէն Ֆլոտրեն հետաքրքրուեցած վարչապետին կից տեսչական խորհուրդի պատրաստած ՝՝Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին՝՝ զեկոյցով։ ՝՝Մենք կը փափաքինք ճշմարտութիւնը իմանալ այդ սպանութեան մասին՝՝ ըսած է ան։



Հելսինքիի մէջ հանդիպում։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան յայտնեց, որ այս շաբաթ Հելսինքիի մէջ ԵԱՀԿ-ի մէկ ժողովին ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։

Նախքան դէպի Ատրպէյճան իր մեկնումը, Պապաճան Անգարայի մէջ լրագրողներուն ըսաւ, թէ Պաքուի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ, ապա պիտի մեկնի Պրիւքսել՝ ՆԱԹՕ-ի նախարարական մէկ հանդիպումին մասնակցելու համար։

Ան յայտնեց, որ աւելի ուշ Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքի պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի ժողովին։ Ըստ թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութեան, ան նշեց, որ Ատրպէյճան-Հայաստան եւ Թուրքիա-Հայաստանի միջեւ ընթացող գործընթաց մը գոյութիւն ունի։

ԵՐԵՒԱՆ։

1 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կիներուն կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւ մը, որ նպատակ ունէր հանրային կարծիքը զգաստացնել, ու պահանջել կանանց իրաւունքներու յարգումը Հայաստանի ընկերութենէն ներս։ Որպէս գլխաւոր լոզունգ օգտագործուեցաւ ՝՝Բռնութիւնը Աւանդութիւն Չէ՝՝ նշանաբանը։ Քայլարշաւին իր մասնակցութիւնը բերաւ մեծ թիւով ժողովուրդ, ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպան Մարի Եովանովիչ։



ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՃ ԿԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ։

Արեւմտեան մամուլը սկսած է քննադատել Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ յայտնելով, որ Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումները դանդաղած են եւ Էրտողան կը թուի հետզհետէ աւելի միահեծան դառնալ։

Բրիտանական ՝՝Էքոնոմիստ՝՝ պարբերաթերթը իր ՝՝Մտահոգութիւն պատճառող Թայիփ Էրտողանը՝՝ խորագիրով վերլուծական յօդուածին մէջ կը նշէ, որ ան հետզհետէ աւելի միահեծան եւ անհաղորդ կը թուի ըլլալ, եւ որովհետեւ ան իր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ թէ անկէ դուրս նկատառելի քաղաքական հակառակորդներ չունի, այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ Թուրքիա ճահճացած ու ալեծածան երեւի, ինչպէս նաեւ աւելի քան երբեք Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն հեռու։ Եւ որովհետեւ փտածութիւնը սկսած է Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան շարքերն ալ վարակել, այդ կուսակցութիւնը կը սկսի նմանիլ այն բազմաթիւ հին յոգնած կուսակցութեանց, որոնց յաղթած էր ընտրութիւններուն ընթացքին ։ Ապա Հարցախոյզ մը որ կատարուած էր իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան հետ իր կապերով ծանօթ ՝՝Մեթրոփոլ՝՝ հետազօտական ընկերութեան կողմէ, ցոյց կու տայ, թէ իշխող կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը սեպտեմբերի՝ 50.9 առ հարիւրէն նոյեմբերին նուազած է՝ 32.6 առ հարիւրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.