2008-12-01 13:43:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետին պատգամը Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին, Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ`

ՙ ՙՙԱշխարհը կարիքը ունի քրիստոնեաներու միութեան վկայութեան՚ ՚։


Նոյեմբեր 30-ը տօնն է Ս. Անդրէաս առաքեալին, պաշտպան սուրբը Կ.Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս պատրիարքութեան։ Այս առթիւ Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը Պոլիս մեկնեցաւ մասնակցելու՝ Կ.Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս պատրիարքութեան տօնախմբութիւններուն։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ կարտինալ Քասբեր` նախագահը Եկեղեցիներու Միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին, որուն մէջ կ՛ընդգծէ սերտ կապը որ հաստատուած է Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան ու Հռոմի Աթոռին միջեւ։ Ասիկա անտարակոյս յոյսի նշան մըն է համամիութենական ճամբու վրայ։ Կարտինալ Քասբեր անձամբ յանձնեց Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Կ.Պոլսոյ Պատրիարքին։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ. մեր Եկեղեցիներու ներքին կեանքը եւ ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները կը պահանջեն մեզմէ վկայութիւն տալ Քրիստոսի աշակերտներու միութեան։ Սրբազան Քահայանապետը գոհութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ որ առիթ տուաւ ամրապնդելու սիրոյ կապերը երկու եկեղեցիներու միջեւ, այդ կապերը հզօրացած են շնորհիւ հաւատացեալներու աղօթքին ու եղբայրական յաճախակի շփումներուն։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ թէ Բարդողոմիոս Ա. այս տարի, երեք անգամ Հռոմ գտնուեցաւ. Արեւելեան քահանայապետական կաճառին մէջ դասախօսութիւն կատարեց, մասնակցեցաւ թէ Պօղոսեան տարւոյն բացման արարողութեան եւ թէ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի աշխատանքներուն, Աստուծոյ խօսքին մասին։

Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս` կը յիշեցնէ. Կաթողիկէ Եկեղեցին Փոքր Ասիոյ մէջ մասնակցեցաւ գիտաժողովի մը եւ ուխտագնացութեան մը, կազմակերպուած Տիեզերական պատրիարքի կողմէ Պօղոսեան Տարւոյն առթիւ։ Այս ամէնը նշաններ են, երկու եկեղեցիներու յառաջացումին միութեան ճանապարհին վրայ։ Հանդիպումներու ու աղօթքի այս փորձառութիւնները կը նպաստեն հասնելու կատարեալ միութեան։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը գոհունակութեամբ ու յոյսով կը դիտէ օրթոտոքս բոլոր եկեղեցապետերու հանդիպումը, որ վերջերս տեղի ունեցաւ ֆանար` Աթոռը Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան։ Այս հանդիպումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ աստուածաբանական երկխօսութեան օրթոտոքս եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամը կ՛եզրափակէ իր երախտապարտ գոհունակութեամբ ի տես յարաբերութիւններու հզօրացումին շնորհիւ աղօթքի ու յաճախակի հանդիպումներուն, եւ համոզում յայտնելով թէ միացեալ այս ճանապարհը պիտի արագացնէ այն օրհնեալ օրը, ուր միասնաբար մեր աղօթքը պիտի բարձրացնենք առ Աստուած միասին մատուցանելով Ս. պատարագը ։

Երկուշաբթի 1 դեկտեմբեր 2008, Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ

- Տիար Mahinda Rajapaska, նախագահը Սրիլանքայի հանրապետութեան եւ անոր շքախումբը։

ապա նորին սրբութիւնը ընդունեցաւ










All the contents on this site are copyrighted ©.