2008-11-30 15:09:42

Ծիսական ժամանակացոյցը


Կիրակի` նոյեմբեր 30, Գ Կիրակի Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Ապաշխարութեան կարեւորութիւնը `

Նոյն ժամանակ մարդիկ եկան եւ այն ալիլիացիներուն մասին պատմեցին իրեն, որոնց արիւնը՝ անոնց զոհերուն խառնած էր Պիղատոս։ Պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոնց Կը կարծէ՞ք, որ աւելի յանցաւոր էին այդ ալիլիացիները, քան միւս բոլոր ալիլիացիները որ այդպիսի բան եկաւ անոնց լխուն։ Ո՛չ, կըսեմ ձեզի, որովհետեւ եթէ դուք ալ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ այն տասնութը անձերը, որոնց վրայ ինկաւ Սելովամի մէջ աշտարակը եւ սպաննեց զիրենք կը կարծէ՞ք թէ աւելի յանցաւոր էին անոնք, քան բոլոր այն մարդիկը, որոնք Երուսաղէմ կը բնակին։

Ո՛չ, կըսեմ ձեզի, որովհետեւ եթէ դուք ալ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։

Անպտուղ թզենին`

Ապա այս առակն ալ պատմեց Մէկը թզենի մը տնկած էր իր այիին մէջ։ (Օր մը) անոր վրայ պտուղ փնտռելու եկաւ, բայց չտաւ։ Այեործին ըսաւ Ահա, երեք տարի է արդէն, որ կու ամ, պտուղ փնտռելու համար այդ թզենիին վրայ, բայց չեմ տներ, արդ, կտրէ՛ այդ (ծառը), ինչո՞ւ հո՛ղը պարպէ (իր հիւթերէն)։ Ան պատասխանեց եւ ըսաւ Տէր, թող զայն, այս տարի ալ, մինչեւ որ շուրջը փորեմ եւ աղբ դնեմ, թերեւս պտուղ տայ ապա թէ ոչ, տարի մը ետք՝ հանէ՛ զայն։

Աւետարանական մեկնութիւն - Ապաշխարութեան հրաւէր`Եթէ չապաշխարէք, ամէնքս ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Յիսուս ուղղակի առընչութիւն չի դներ յանցանքի եւ պատիժի միջեւ, այլ ցոյց կու տայ այս երկու աղէտները իբրեւ նախախնամական հրաւէրներ ապաշխարելու։ Սելովամի աւազանը կառուցուած էր Ք.Ա. 700 թուականին, Եզեկիա թագաւորին կողմէ, Երուսաղէմի ջուրը հայթայթելու համար։ Աւազանը շրջապատուած էր սիւնազարդ կառոյցով մը, որուն վրայ կը բարձրանար աշտարակը։

Աւագ օրհնութեան Շարականէն – Երկինքի զօրքերըհիացան տեսնելով ծառայի կերպարանք առնելդ, մարգարէն ակ զարուհրելով կ՛ըսէր. լսեցի ձայնս եւ վախցայ, դիտեցի գործերդ եւ սարսափեցայ, դուն յաւիտենական Որդի` աշխարհ գալով երկու կենդանիներու մէջ երեւեցար խաչի վտայ բարձրացար եւ փրկութեան բեռը քու վրադ առիր մահուան երկունքը փառարեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.