2008-11-30 15:06:45

Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւնը Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանատուն


RealAudioMP3 Կիրակի 23 Նոյեմբեր 2008-ին երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընկերակցութեամբ՝ եկեղեցական ու աշխարհական անձնաւորութիւններու այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանատուն։

Անոնք ընդունուեցան դեսպանատան հաւատարմատար՝ տիար Տիգրան Սամուէլեանի կողմէ. ՙ ՙ Աղ ու հացի՚ ՚ աւանդական օրհնութենէն ետք՝ Տիար Սամուէլեան ողջոյնի խօսք արտասանեց վեհափառին եւ հիւրերուն :

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոսը իր սրտի խօսքը արտասանեց, ան ըսաւ թէ Հայաստանի դեսպանատունը հայրենի հողի մէկ բեկորն է եւ բոլոր հայերու տունը: Խօսեցաւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան մասին շեշտը դնելով փոխադարձ վստահութեան ու հաւատարմութեան կարեւորութեան վրայ , հայրենաշինութեան ու Սփիւռքի պահպանութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.