2008-11-30 15:04:37

25.11.08Կիներու դէմ ՝՝Բռնութեան Ջնջումի՝՝ Համաշխարհային Օրը


25.11.08Կիներու դէմ ՝՝Բռնութեան Ջնջումի՝՝ Համաշխարհային Օրը Յիշատակուեցաւ 25 Նոյեմբերին։ Համաշխարհային այս օրուայ առթիւ լոյս տեսած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն-ի պատգամին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը։ ՝՝ Աշխարհի մէջ ամէնտեղ,հարուստ եւ աղքատ երկիրներու մէջ կիները կ՝ենթարկուին՝լլկանքի,ծեծի,բռնաբարումի,սպաննութեանց եւ անոնք միաժամանակ զոհերն են՝մարդկային էակներու վաճառականութեան։ Ասոնք մարդկային իրաւունքներու դրժումն են, որոնք անհատական ըլլալէ անդին կ՝անցնին, որովհետեւ կը ներկայացնեն սպառնալիք մը՝ համայն ընկերութեան ՝զարգացումին,խաղաղութեան ու ապահովութեան ։Ծանօթ չենք զոհերու իրական թիւին(կը գրէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը իր պատգամին մէջ)բայց գիտենք թէ ոճիրները յայտարարուածներէն շատ աւելի են եւ անոնցմէ մեծ մասը կը մնայ անպատիժ։Իսկ առաւել մտահոգիչ պարագան մեծաթիւ զոհերու տարիքն է։ Երիտասարդ կիներու հարիւրէն 50 տոկոսը արդարեւ Հայիթիի կարգ մը վայրերուն մէջ զոհ գացած է բռնաբարումի եւ կամ սեռային նպատակով յարձակումի. անոնցմէ երեքէն մէկը ,այն հազուադէպ պարագային որ արդարութիւն կը բնտռեն 13 տարեկանէն վար աղջնակներ են։Լիպէրիայի մէջ յատկապէս բուռն բախումներով լեցուն ամսուայ մը ընթացքին (այս տարուայ սկիզբը)յայտարարուած բռնաբարումներու զոհերու մեծամասնութիւնը հազիւ 12 տարեկան էին,եւ անոնցմէ մի քանին ոչ իսկ հինգ տարեկան։ Այս օրինակները կուգան այն երկիրներէն ուր կը գտնուին ՄԱԿ-ի խաղաղութեան Ուժերը։ Շնորհիւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի թիւ 1820 վճռակամ բանաձեւին (անցեալ Յունիսին որդեգրուած) ,սեռային բռնութեան գործածութիւնը որպէս միջոց պատերազմական մարտավարութիւն՝այժմ կ՝ընդունուի որպէս ՝՝միջազգային ապահովութեան ու խաղաղութեան վերաբերեալ հարց մը՝՝։ Թիւ 1820 բանաձեւը միաժամանակ հնարաւորութիւն կուտայ գործադրելու ՝՝զէրոյ – հանդրժողութեամբ՝՝ քաղաքականութիւն մը ՄԱԿ-ի առաքելութեան մէջ գտնուող անձնակազմի նկատմամբ, սեռային շահագործումի պարագային։ Ուստի թիւ 1820 բանաձւի որդեգրումը(կը գրէ դեռ Պան Քի Մուն իր պատգամին մէջ) մաս կը կազմէ այն աճող ընդհանուր ձգտումին՝որ նպատակադրած է յաղթահարել ընկերային այս վէրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.