2008-11-29 13:08:33

Լուրեր հայ աշխարհէն

Նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 Նոյեմբեր 2008-ին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող՝ սոյն կազմակերպութեան պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի գլխավոր քարտուղար Նիկոլայ Պորդիւժան։ Զրոյցի սկզբը հիւրերը շնորհաւորած են նախագահ Սարգսեանը Հայաստանի Շախմատի տղամարդոց հաւաքականի փայլուն յաղթանակի համար։ Հայրենի նախագահը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք կազմակերպութեան շրջանակի մէջ փոխգործակցութեան մակարդակին համար խօսած է հաւաքական անվտանգութեան ռազմական բաղադրիչի ամրապնդման մասին, կարեւորելով առկայ ներուժի աւելի լիարժէք ու արդիւնաւէտ օգտագործումը։ Ըստ նախագահ Սարգսեանի՝ կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիի մէջ գտնուող տարածաշրջաններու մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը կը պահանջէ ջանքերու լուրջ համատեղում եւ փոխգործակցութեան մակարդակի բարձրացում. որոնց մասին պիտի քննարկուի նաեւ գործընկերներու հետ՝ դեկտեմբերին նստաշրջանին, ՀԱՊԿ ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի հետ։ Հ Հ Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան, զեկուցելով երեւանեան նիստի օրակարգային հարցերու մասին, նշած է, որ համատեղ աշխատանքի հիմնական բովանդակութիւնը եղած է ՀԱՊԿ-ի ռազմական բաղադրիչի ամրապնդման եւ զարգացման ուղիներու ու մեքանիզմներու քննարկումը։



Ծիծեռնակաբերդի սրբապղծումի փորձ ԿՈՒԿԸԼ ԸՐԹԻ վրայ։

Ներթափանցելով Կուկըլ Ըրթի տուեալներուն մէջ՝ անծանօթներ Ծիծեռնակաբերդի պատկերը ցոյց տուող կապին վրայ զետեղած են Թալաթ Փաշայի արձանը բացատրութիւնը։ Լուսանկարին աղաւաղուած տարբերակին իբրեւ հեղինակ նշուած է Հալուք Տուլմայեան կեղծանունը։ Սակայն հետագային այդ գրութիւնը վերցուած է շնորհիւ սոյն կայքէջին, աշխարհի տարածքին բազմաթիւ հայերէ հասած բողոքներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.