2008-11-29 12:56:39

 Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Մղձաւանջը վերջ գտաւ Մումպայի մէջ,ազատագրուած են բոլոր պատանդները,բանակի հսկողութեան տակ անցնելով ահաբեկչական յարձակումի ենթարկուած բոլոր վայրերը։ Մինչեւ այժմ մեռեալներու թիւը առնուազն 195 ըլլալով կ՝արձանագրուի եւ 300 վիրաւորեալներ։Հնդկական Ոստիկանութիւնը իր կողմէ յայտարարած թէ ՝՝Մումպայի մէջ ահաբեկիչներու հետ բախումները աւարտած են՝՝։ 48 ժամ տեւող պաշարումի աւարտին անշուշտ ի յայտ եկած տուեալները ողբերգական են. Հնդկական Ոստիկանութեան յայատարաութեանց համաձայն ահաբեկչական բռնարարքը առնուազն վեց ամիս առաջ ծրագրուած է Գարաշիի մէջ։ Մումպայ մուտք գործող ահաբեկիչները տասը հոգի էին, որոնցմէ ինը սպաննուած է, իսկ մէկը ձերբակալուած.,միւս կողմէ Մումպայի մէջ սպաննուած օտարներու թիւը 22ի բարձրացած է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա Հնդկաստանի Վարչապետ Մանմօհան Սինկհ-ի հեռաձայնելով յայտնած՝իր ցաւն ու իր մասնակցութիւնը Մումպայի ահաբեկչական յարձակումներու զոհերուն համար։ Ահաբեկիչները (ըսած է Օպամա) սպաննեցին անմեղ քաղաքացիներ բայց պիտի չկարենան յաղթահարել՝Հնդկաստանի մեծ ժողովրդավարութիւնը եւ ոչ ալ պիտի կարենան տկարացնել ՝՝կամքը՝՝ միացեալ համախմբումի մը՝ զիրենք նուաճելու համար։

Ռումանիա։ Շուրջ 18,3 միլիոն ռումանացիներ իրենց քուէները պիտի գործածեն 30 Նոյեմբերին Վարչական առաջին ընտրութիւներու առթիւ,յետ 2007ի Յունուարին Ռումանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան։ 315 Երեսփոխանական եւ 137 Ծերակուտական աթոռներու համար կան 35 Կուսակցութիւններու՝2.960 թեկնածուներ։



Լիբանան։ 28 նոյեմբերի առաւօտուն, Վատիկան տուած իր պաշտօնական այցելութեան վերադարձէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելած է Վատիկանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարտինալ Սանտրին։ Կարտինալ Սանտրի կը գտնուէր Լիբանան՝ մասնակցելու Լիբանանի մէջ կայացած Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովին։



ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ Երեւանի ՝՝Տեսակէտ՝՝ ակումբին մէջ Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը՝ ներկայութեամբ գլխաւոր մարզիչ Արշակ Պետրոսեանի, տուած է մամլոյ ասուլիս մը՝ անդրադառնալով Տրեստընի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած ճատրակի 38-րդ Միջազգային Ողիմպիականին, որուն ընթացքին Հայաստան յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին։

Իր խօսքին մէջ Պետրոսեան ըսաւ Խմբային ոգիին շնորհիւ էր, որ մեր կազմը հասաւ իր այս յաջողութեան։ Լեւոն Արոնեան իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, թէ իրենց արձանագրած այս յաղթանակը կը պարտին մարզիչ Պետրոսեանի, որուն ներկայութեան կազմը շատ աւելի փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց։

Իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան ըսաւ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, հաւաքականէն ոչ մէկը պիտի հեռանայ։ Ընդհակառակն, յառաջիկային շատ հաւանական է, որ նորեկներ ալ միանան կազմին։

Ըսենք որ Ողիմպիականի կազմին մէջ միակ նորեկն էր Տիգրան Պետրոսեան, որ փոխարինեց Կարէն Ասրեանը (մահացած)։ Միացեալ երկու վարպետներն էին Վլատիմիր Յակոբեան եւ Արտաշէս Մինասեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.