2008-11-28 14:22:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւը Մումպայի մահափորձերուն ի լուր.

ՙ ՙ թող վերջ դրուի ահաբեկչական բռնարարքներուն՚ ՚։


Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Պոմպէյի առաջնորդ՝ կարտինալ Oswald Gracias-ին յայտնելով Սրբազան Քահանայապետին վրդովումը ու խոր ցաւը ի լուր շարք մը ահաւոր մահափորձերու որ տեղի ունեցան Mumbai, Հնդկաստան, պատճառելով աւելի քան 100 մեռեալներ եւ 300 վիրաւորներ։ Հեռագիրին մէջ կը կարդանք.. Սրբազան Հայրը կը խնդրէ որ վերջ դրուի ամէն տեսակ ահաբեկչական բռնարարքներուն, որոնք ծանրօրէն կը վիրաւորեն մարդկային ընտանիքը եւ կը խախտեն խաղաղութիւնը եւ զօրակցութիւնը՝ այնքան հարկաւոր կերտելու քաղաքակրթութիւն մը վայել մարդու կոչումին։ Ցաւակցական հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ իր մօտիկութիւնը բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան այդ բռնարարքին եւ կ՛աղօթէ բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, Աստուծմէ խնդրելով որ սփոփէ վիրաւորները ու մխիթարէ բոլոր անոնք որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները։

Այս առաւօտ` Ուրբաթ նոյեմբեր 28, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեցաւ Չիլիի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ այցելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.