2008-11-28 13:41:47

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Հնդկաստանի տնտեսական մայրաքաղաքը նկատուած Մումպայի մէջ ահաբեկիչներու կատարած մահացու յարձակումներու հետեւանք մեռած անձերու թիւը 149ի բարձրացած է։Ազատագրուած են Օպէրօյ Պանդոկի պատանդները։ Հնդկաստանի վարչապետը Սինկհ կ՝ամբաստանէ Բաքիսթանը որպէս ուղղակի մեղսակից Մումպայի յարձակումներուն,նաեւ Գաշմիրի վերահսկողութեան կապակցութեամբ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան լոյսի ներքեւ, բայց Իսլամապաթ կը հերքէ կատարուած վարկածը,նա մանաւանդ կ՝ ապահովէ լրիւ գործակցութիւն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ։ Միւս կողմէ Բաքիսթանի Գաղտնի Սպասարկութեան Պետը Հնդկաստան պիտի երթայ տեղեկութիւններ տալու համար Հնդկական Կառավարութեան , Մումպայի ահաբեկչական բռնարարքներու մասին։ ՝՝Ձերբակալուած ահաբեկիչներէն մին Բաքիսթանի քաղաքցի մըն է՝՝ այսպէս ըսած է լրագրողներուն Մումպայի գտնուած պետութեան Մահարասհթրայի ներքին գործոց նախարարը Ռ.Ռ. Բաթիլ։ Իսկ այսօր արշալոյսին(իտալիոյ ժամով) իտալացի բոլոր պատանդները այլ 150 պատանդներու հետ միասին ազատագրուեցան Օպէրոյ-Թրիտէնթ պանդոկային համալիրէն .այդ առթիւ ապահովութեան պատասխանատուները տեղեկացուցին թէ պանդոկային համալիրը ՝՝հսկողութեան ներքեւ առնուած էր՝՝ եւ թէ հոն գտնուած են 24 դիակներ։ Միւս կողմէ ըստ վերջին տեղեկութիւններուն Թաժ Մահալ հինգ աստղանի այլ պանդոկին մէջ կը շարունակուի զինուորական գործողութիւնը։ Իսկ խումբ մը ահաբեկիչներ կը գտնուին Գապաթի կրօնամոլ հրեաներու կեդրոնը ՝՝Նէրիման Հաուզ՝՝ պատանդ պահելով մէկէ աւելի իսրաէլացիներ եւ ուր կը շարունակուին բախումները։ Իտալացի պատանդը որ զոհ գնաց Մումպայի ահաբեկչական բռնարարքին Անթոնիօ Տի Լորէնցօ գործի բերումով կը գտնուէր Օպէրոյի պանդոկը եւ ուր նաեւ զոհ գնաց արձակուած ռումբի մը։



Իսկ լարուածութիւնը ծայրաստիճանի հասած՝ Թայլանտի մէջ,ուր վարչապետ Վոնկսավաթ ՝՝ստիպողական վիճակ՝՝ յայտարարեց Պանքոկի երկու օդակայաններուն համար, որոնք փակ պիտի մնան մինչեւ 29 Նոյեմբեր։ Կառավարութեան դէմ բողոք բարձրացնողները կը պահանջեն վարչապետին հրաժարականը ,որ կ՝ամբաստանուի կաշառակերութեամբ նման իր նախորդին Շինավաթրա-ին։ Մինչ այդ Պետական նոր հարուածի մը կարելիութիւնները հաւանականութիւն կը շահին։



Հայաստան-Եւրոպական միութիւն հանդիպում

Պրիւքսէլի մէջ, երկու օր առաջ, տեղի ունեցաւ արդարադատութեան, ազատութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հանդիպումը, փորձագէտներու մակարդակով, որ կը նկատուի արդարադատութեան հարցերու շուրջ համագործակցութեան ենթակոմիտէի հիմնադրութեան առաջին փուլը։

Հանդիպման հիմնական նպատակն էր հայկական կողմին ներկա-յացնել Եւրոպական Միութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ քննարկել Հայաստանի մէջ արդարադատութեան, ազատութեան եւ անվտանգութեան մարզերէն ներս իրականացուող բարեփոխումները։ Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հարեւանութեան քաղաքականութեան գործունէութեան ծրագրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.