2008-11-27 14:07:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը զգուշացնէ երիտասարդները խաբուսիկ դրախտէն։


Իր պատգամը ուղղելով քահանայապետական 7 կաճառներուն, որոնք հրապարակային նիստ մը գումարած են, ունենալով որպէս նիւթ գեղեցկութեան տիեզերականութիւնը` գեղեցկագիտութիւնը յաչս բարոյականի, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը դատապարտէ մակերեսային գեղեցկութեան փնտռտուքը, որ կ՛առաջնորդէ խաբուսիկ դրախտի մը եւ անհաղորդակցութեան։ Ճշմարտութեան ու բարութեան փնտռտուքի փոխարէն խորթ գեղեցկութեան փնտռտուքը կարող է նոր սերունդը առաջնորդել անցողակի, աննշան ու խաբուսիկ դրախտի մը, որ կը ծածկէ հոգիի եւ մտքի պարապութիւնը եւ անկայունութիւնը, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ուղղուած գերապայծառ Ռավազիին` նախագահը քահանայապետական 7 կաճառներու։ Սրբազան Հօր գնահատումով նման մակերեսային փնտռտուքը կարող է առաջնորդել անհատապաշտութեան եւ անհաղորդակցութեան։

Սրբազան Պապը կ՛ընդգծէ թէ այս առօրեայ իրականութիւնը կը պահանջէ վերանորոգ երկխօսութիւն մը գեղեցիկի եւ բարոյականի, ճշմարիտի եւ բարիի միջեւ։



Այսօր Հինգշաբթի նոյեմբեր 27, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց գերապայծառ Emil Paul Tscherrig` առաքելական դեսպանը Եւրոպայի հիւսիսային

երկիրներու' Շուէտ, Տանեմարքա, ֆինլանտիա, Իսլանտա եւ Նորվեկիա:

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Չիլիի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ այցելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.