2008-11-27 12:59:29

Լուրեր հայ աշխարհէն

Գեղանկարիչ Պետրոս Ասլանեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս։


Կազմակերպութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, 19 նոյեմբերին բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Պետրոս Ասլանեանի գործերուն ցուցահանդէսին, նուիրուած՝ Հայաստանի անկախութեան 17-րդ տարեդարձին։ Ցուցահանդէսը կը կրէ ՙ ՙԱրուեստագէտը, փալեթը, համայնապատկերը այսօր՚ ՚ խորագիրը. Այս առթիւ կը ցուցադրուի աւելի քան 40 գործեր, որոնք սփիւռքահայ նկարիչին վերջին տարիներու աշխատանքներն են։



Շնորհահանդէս Մովսէս Խորենացիի մասին գրքին։

Հայաստանի Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Ալպերթ Մուշեղեանի նոր գրականագիտական ՙ ՙՄովսէս Խորենացու դարը՚ ՚ գիրքին ։ Գիրքին մէջ Հեղինակը անդրադարձած է հայ գրականութեան եւ պատմագրութեան նուիրական եւ ամէնէն վիճայարոյց հեղինակներէն մէկուն՝ Մովսէս Խորենացիին կեանքին եւ գործունէութեան, անոր աշխատութիւններուն, անոնց աղբիւրներուն եւ ժամանակագրութեան, ինչպէս նաեւ՝ պատմահօր ապրած ժամանակաշրջանին։ Մուշեղեանի այս գիրքը կը նկատուի պատասխան մը բոլոր այն, գրաքննադատներուն, որոնք փորձած են եւ կը փորձեն նսեմացնել Խորենացին՝ կասկածի տակ դնելով անոր աշխատանքներու ճշմարտացիութիւնն ու ապրած ժամանակահատուածը, փորձելով տեղափոխել զայն աւելի ուշ շրջան։ Սոյն շնորհահանդէսին Մուշեղեան ստացաւ Գրական վաստակի համար շքանշան մը իսկ փրոֆ. Գառնի Ասատրեան, Բնական եւ հասարակական գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի Հայաստանի մասնաճիւղին տնօրէնը, յայտնելով թէ Մուշեղեան պարգեւատրուած է Վիլհելմ Լայփնիցի անուան արծաթէ շքանշանով, անոր շնորհուած է ակադեմիայի իսկական անդամի կոչում։ Ի դէպ Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր երկու հոգի պարգեւատրուած էին Վիլհելմ Լայփնիցի անուան շքանշանով իսկ Մուշեղեան դարձաւ երրորդը։



Ուքրանիոյ մէջ գիտական խորհրդաժողով Թումանեանի եւ Շեւչենքոյի մասին։

Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140-ամեակին առիթով Ուքրանիոյ մէջ Հայերու միութեան եւ Քիեւի հայ համայնքի կողմէ 2008 թուականը յայտարարուած էր Թումանեանական տարի։ Այդ ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ Ազգային ակադեմիաներու գրականութեան հիմնարկներուն եւ Քիեւի հայ համայնքին, Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ գիտական խորհրդաժողով՝ նուիրուած Յովհաննէս Թումանեանի եւ Թարաս Շեւչենքոյի ստեղծագործական ժառանգութեան։ Այս առթիւ Ուքրանիոյ Ազգային ակադեմիայի Շեւչենքոյի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Նիքոլայ Ժուլինսքի յայտնեց, թէ գիտաժողովը կարեւոր հանգրուան պիտի հանդիսանայ երկու մեծ բանաստեղծներու գրական ժառանգութեան նորովի իմաստաւորման եւ նոր սերունդի փոխանցման ու դաստիարակման համար։ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեան կարեւորելով նման ձեռնարկները նշեց, որ երկու բանաստեղծներու գրական ժառանգութիւնը ունի համաշխարհային նշանակութիւն եւ հայերէն ու ուքրաներէն թարգմանուած ստեղծագործութիւնները դարձած են երկու ժողովուրդներու մշակութային սեփականութիւնը։



Միացեալ նահանգներ։

Կազմակերպութեամբ շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի Արփա հիմնադրամին, տեղի ունեցած է շարժապատկերի Արփա միջազգային 11-րդ փառատօնը, որուն ընթացքին ցուցադրուած են 21 երկիրներէ աւելի քան 50 շարժապատկերներ։ Այս առթիւ լաւագոյն կարճ շարժապատկերի մրցանակը շահած են հայազգի Փոլ եւ Լուտվիկ Շամմասեան եղբայրները։ Անոնք իրենց առաջին շարժապատկերով շահած էին Քաննի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին երիտասարդ բեմադրիչի մրցանակը, իսկ ներկայիս անոնք կը պատրաստեն Ռոմընզ ժապաւէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.