2008-11-27 09:11:40

Անթոնիա Արսլանի ՝՝Արտոյտներու Ագարակը՝՝ վէպի ներկայացումը Պուտափեշթի մէջ։


Անթոնիա Արսլանի ՝՝Արտոյտներու Ագարակը՝՝ վէպի ներկայացումը Պուտափեշթի մէջ։



Պուտափեշտի Իտալական Մշակութային կեդրոնին մէջ Նոյեմբեր 11-ին ներկայացուած է Անթոնիա Արսլանի ՝՝Արտոյտներու Ագարակը՝՝ծանօթ վէպը հունգարերէն թարգմանութեամբ, ի ներկայութեան՝ նոյնինքն Անթոնիա Արսլանի։ Այս առթիւ իր ողջոյնի խօսքը ներկաներուն ուղղած է Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը, որ բարձր գնահատած է հայերու, հունգարացիներու եւ իտալացիներու համագործակցութեամբ կազմակերպուած շնորհանդէսը, զայն բնորոշելով որպէս ՝՝բազմամշակութային միջոցառում՝՝։ Դեսպան Աշոտ Յովակիմեան գոհունակութիւն յայտնած՝ Գիրքի հունգարերէնի թարգմանութեան կապակցութեամբ եւ նշած, որ Գիրքը հունգար ընթերցողներուն հնարաւորութիւն կընձեռէ ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան դրուագներէն մէկուն։ Ներկայացումին ելոյթ ունեցած է նաեւ Անթոնիա Արսլանը ։ Հանդէսին ներկայ եղած են հունգարացի քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, ուսանողներ, լրագրողներ, եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.