2008-11-27 13:45:03

 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստան պաշտօնապէս ստանձնեց Սեւծովեան տնտեսական

համաործակցութեան նախագահութիւնը։ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը Հայաստան պիտի վարէ մինչեւ Ապրիլ 30։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Ե. Նալբանդեան ժողովի ծիրէն ներս, անդրադարձած է կազմակերպութեան գործունէութեան կատարելագործման եւ անդամ երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան խթանման հարցերու շուրջ։ Անդրադառնալով կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն՝ Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ յառաջիկայ վեց ամիսներուն համար ծրագրուած շուրջ 60 նախաձեռնութիւնները կը միտին՝ կազմակերպութեան հեղինակութեան բարձրացման եւ անդամ երկիրներու միջեւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման։ Իսկ խօսելով Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն մասին՝ Է Նալբանդեան ընդծած է շրջանին մէջ փոխադրական ենթակառոյցի զարգացումը՝ իբրեւ հիմնական նպատակ։ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին Սեւ-Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կարեւոր խնդիրներէն պիտի ըլլան նաեւ ուժանիւթի, բնապահպանութեան, գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը եւ յառաջիկայ կէս տարուան համար նախատեսուած են վերոյիշեալ մարզերը համակարգող Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան անդամ երկիրներու նախարարներու հանդիպումները։ Ապա Էդուարդ Նալբանդեանի տուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են շուրջ 100 թրքական եւ Համաշխարհային յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։ Պատասխանելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ լրագրողներու հարցումներուն, նախարար Նալբանդեան նշած է, որ ՝՝յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորումը կը բխի երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերէն, եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը ուղղուած է այդ նպատակին՝ դիւանաիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանի բացման, եւ այդ մէկը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ շնորհք Հայաստանին, քանի որ անոր մէջ Թուրքիա նուազ շահագրգռուած չէ՝՝։ Նոյն օրը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ տեւած է աւելի քան 2,5 ժամ։ Կողմերը հանդիպումը գնահատած են իբրեւ օտակար ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ կատարուած։ Նախարարները համաձայնած են շարունակել իրենց ջանքերը՝ ուղղուած երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորումին։ Նալբանդեան վերադարձած է Երեւան։

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ։ՄՈՒՄՊԷՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ 100 ՀՈԳԻ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ,ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ։Հնդկական տեղական պատկերասփիւռի կայանններ ու միջազգագային Մաս-Մէտիաներու հաղորդած լուրերու համաձան, միաժամանակ երեք պանդոկներու վրայ զինեալ յարձակում կատարողները առ նուազն 100 հոգի սպաննած են,եւ տակաւին շուրջ 200 հոգի շրձափակուած են 5 աստղանի Պանդոկներէն մէկուն մէջ։Մումպէյ Հնդկաստանի տնտեսական մայրաքաղաքը կը նկատուի ։ Ահաբեկիչները յարձակումներուն ընթացքին, , պանդոկներէն անդին թիրախ դարձուցած են նաեւ՝ հիւանդանոցները եւ շոգեկառքի կայանները։ ՝՝Տեքքան Մուժահիտին՝՝ կոչուած կազմակերպութիւնը ստանձած է յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը։ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Ճորճիօ Բափոլիթանօ որ Պաղեստին կը գտնուի ,Պաղեստինի Իշխանութեան նախագահ Ապու Մազէնի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին (միասնաբար) խստիւ ու վճռակամ դատապարտած են Մումպայի մահափորձերը։



Հիւսիսային Օսեթիայ։Հիւսիսային Օսէթիոյ պաշտօնատարներ կը յայտնեն , որ Ռուսիոյ այդ շրջանի մայրաքաղաք Վլատիքաւքազի քաղաքապետը երէկ սպաննուած է։

Ըստ Ռուսական Ինթըրֆաքս լրատու գործակալութեան, ՝՝Հիւսիսային Օսեթիոյ նախագահ Թայմուրազ Մամսուրով հաստատած թէ քաղաքապետը սպաննուած է՝ աւելցնելով, որ շրջանի ապահովական պատասխանատուներուն հետ արտակարգ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ ՝ քննարկելու համար կացութիւնը՝՝։

Հիւսիսային Օսեթիայ սահմանակից է Հարաւային Օսեթիոյ։ Շրջանը նաեւ թատերաբեմ դարձած է չեչեն ըմբոստներու յարձակումներուն, ներառեալ 2004-ին Պեսլան քաղաքին մէջ աւելի քան 330 պատանդներու մահուան պատճառ դարձած՝ դպրոցի մը գրաւման տխուր դէպքի առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.