2008-11-26 14:18:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը մասնակցութեամբ Մեծի Տանն կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին։


RealAudioMP3 Չորեքշաբթի 26 նոյեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պողօս Զ.ի անուան սրահը։ Այսօրուան ունկնդրութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Արարողութեան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ խօսքը ուղղեց Վեհափառին։

Այս առաւօտ` բարի գալուստ կը մաղթեմ Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ իրեն ընկերացող յարգելի պատուիրակութեան եւ զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներուն։ Այս եղբայրական այցելութիւնը նշանակելի առիթ մըն է զօրացնելու միութենական կապերը որ արդէն գոյութիւն ունին մեր միջեւ, որով մենք կ՛ընթանանք միասին դէպի ամբողջական միութիւն, ինչ որ նպատակն է Քրիստոսի հետեւող բոլոր հասարակութիւններուն եւ շնորհք մը` զոր ամէն օր պարտինք խնդրել Տիրոջմէն։

Այս պատճառաւ, Նորին Սրբութիւն, կը հայցեմ շնորհքը Սուրբ Հոգւոյն ձերդ ուխտագնացութեան վրայ առ դամբարանս Առաքելոց Պետրոսի եւ Պօղոսի, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները աղօթելու ջերմօրէն Տիրոջ որ ձեր այցը եւ հանդիպումները քայլ մը առաջ տանին մեզ դէպի միութիւն։

Նորին Սրբութիւն, ձեզի կը յայտնեմ մասնայատուկ կերպով իմ շնորհակալութիւնս ձեր անձնական յարատեւ յանձնառութեան համար միութենական ծիրէն ներս, մանաւանդ Միջազգային Աստուածաբանական Միացեալ Յանձնախումբի երկխօսութեան գծով ընդմէջ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս։

Վատիկանի Մայր Տաճարի արտաքին ճակատի վրան կը գտնուի արձանը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, հիմնադիրը Հայ Եկեղեցւոյ, զոր ձեր պատմաբաններէն մին կոչած է Մեր ծնողն ու հայրը Աւետարանին մէջ։ Այս արձանի ներկայութիւնը կը յայտնէ այն չարչարանքները զոր ան կրեց, քրիստոնէութեան առաջնորդելու համար հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ կը յիշեցնէ բազում նահատակներն ու խոստովանողները այն Հաւատքին, որուն վկաները առատ պտուղներ բերին ձեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Հայկական մշակոյթն ու հոգեւորականութիւնը կը պարծենայ վկայութեամբը իր նախահայրերուն, որոնք հաւատարմօրէն եւ քաջութեամբ չարչարուեցան, Գառն Աստուծոյ հետ, աշխարհի փրկութեան համար։

Բարի եկաք, Նորին Սրբութիւն, Սիրելի Եպիսկոպոսներ եւ եղբայրներ. Միասնաբար խնդրենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի բարեխօսութիւնը, որպէսզի լուսաւորեն մեր ճանապարհը եւ առաջնորդեն մեզ դէպի բոլորին բաղձացած միութեան լիութիւն։

Ապա Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին մասին, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց. Աստուծոյ արդարութեան յայտնութիւնը, նիւթին մասին

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

մեր նախորդ խորհրդածութիւններու մէջ, մտածեցինք փրկութեան ձրիութեան մասին։ Այսօր խորհրդածենք հաւատքով եւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ փրկուած ըլլալու հետեւանքներու մասին։ Պօղոս առաքեալը Գաղտիացիներու ուղղած թուղթին մէջ կը շեշտէ ձրիութիւնը արդարացումի եւ կ՛ընդգծէ նաեւ կապը որ կայ հաւատքի ու բարի գործերու միջեւ։ Քրիստոսի մէջ հաւատքով Արդարացած, կանչուած ենք ապրելու Քրիստոսի սիրոյ մէջ, որովհետեւ վերջին դատաստանին պիտի դատուինք սիրոյ պատուէրին հիման վրայ։ Հուսկ նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով. գիտացինք թէ մենք արդարացուած ենք Քրիստոսով , հետեւաբար մենք մեզի չենք պատկանիր, այլ դարձանք Ս. Հոգւոյ տաճարներ եւ հետեւաբար կանչուած ենք` փառաբանելու Տէրը մեր մարմնին մէջ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ մաղթեց որ ապրին Քրիստոսով որ կեդրոնն է մեր հաւատքին ու կեանքին։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն փւ յիշեցուց թէ յառաջիկայ կիրակի օրը , կը սկսի Յիսնակաց շրջանը, լատին եկեղեցւոյ համար, որպէս պատրաստութիւն Յիսուսի ծննդեան տօնին։ Կը հրաւիրեմ ամէնքդ ծննդեան պատրաստութեան այս շրջանին լաւագոյն բարիքներ քաղելու համար։

Ունկնդրութեան աւրտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը



իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ-ի տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.