2008-11-26 12:57:34

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայկական խաչքարի զետեղման առթիւ ձեռնարկ Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ։


Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանին կողմէ Մեթրոփոլիթընին կատարուած 12-րդ դարու հսկայ խաչքարի մը երկարատեւ փոխատուութիւնը նշելու համար ,կիրակի, 23 նոյեմբեր 2008-ին Նիւ Եորքի արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարանը ամբողջ կէսօրէ ետք մը տրամադրած էր հայկական արուեստին եւ մշակոյթին նուիրուած դասախօսութեանց եւ կատարումներու։

Ծրագիրին մաս կը կազմէին Քոլոմպիա համալսարանէն Նինա Կարսոյեանի, Նիւ Եորքի համալսարանէն Թոմըս Մաթիուզի եւ Ֆլորիտայի նահանգային համալսարանէն Լին Ճոնզի նման ականաւոր մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւններ ու նաեւ գեղարուեստական ներկայացում մը դերասան Նորա Արմանիի եւ թաւջութակահար Տաւիտ Պաքամճեանի կողմէ։ Այս առիթով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս Դանիէլեան դոկտ Հելեն Էվընզը պարգեւատրեց Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով՝ առ ի գնահատանք բիւզանդական ժամանակաշրջանի հայկական արուեստին եւ մշակոյթին վերաբերեալ անոր կատարած մասնագիտական աշխատանքին։ Դոկտ Էվընզ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի Մերի եւ Մայքըլ Ժահարիսի անուան բիւզանդական արուեստի բաժանմունքի պատասխանատուն է։



Լիւքսամպուրկ ։ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան Լիւքսամպուրկի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 27-էն 28 նոյեմբերին տեղի ունենալիք եւրոպական-միջերկրականեան նիստերուն, որոնց ընթացքին պիտի պատրաստուին յառաջիկայ հանգրուանին կատարուելիք վիճակագրական աշխատանքները։



Նալբանդեան Մամետեարով Հանդիպում Դեկտեմբեր 3-ին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Դեկտեմբեր 3ին Հելսինքիի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ, յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մաթիու Պրայզա, ատրպեճանական մամուլի գործակալութեան ։ Այս հանդիպումը կազմակերպուած է ԵԱՀԿի Նախարարաց խորհուրդի համագումարի ծիրէն ներս։ Երկու նախարարները պիտի փորձեն համակարգել իրենց աշխատանքները՝ մինչեւ տարեվերջ իրագործելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.