2008-11-26 13:19:15

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Ամերիկայի Կարիքաւորներուն օժանդակելու քայլերը։Մինչ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Նոյեմբեր 25ին մօտաւորապէս 800 միլիառ տոլարի ներդրումով մը վարկային շուկան վերակենդանացնելու քայլերու կը դիմէին, կարգ մը տնտեսագէտներ կը յայտնէին, թէ դրամական հսկայական հիմնարկներ օժանդակելը շուքի տակ կը պահէ իսկական կարիքաւորները, որոնց թիւը հետզհետէ կաճի տնտեսական ճնաժամին պատճառով։ Ամավարկի եւ քաղաքական առաջնահերթութեանց կեդրոնի վարիչ Ռապըրթ Կրինսթայն կը յայտնէ, թէ արդէն իսկ յստակ փաստեր կան, որ չքաւորներու թիւը յատկանշականօրէն աճ արձանագրած է։ Ըստ պետական տուեալներու, չքաւոր կը նկատուի չորս հոգինոց այն ընտանիքը, որ 21,200 տոլարէն նուազ եկամուտ ունի, սակայն կարգ մը նահանգներու մէջ, այդ գումարը պէտք է շատ աւելի բարձր ըլլայ, նկատի ունենալով, որ ծախսերը համահաւասար չեն բոլոր նահանգներուն մէջ։

Պետական տուեալներու համաձայն, ներկայիս 365 միլիոն ամերիկացիներ չքաւոր կը նկատուին, սակայն այդ թիւը կրնայ 103 միլիոնով բարձրանալ, եթէ տնտեսական նահանջը ակնկալուածին համապատասխանէ։

Նալբանդեան- Մամետեարովի Հետ Կը Հանդիպի Դեկտեմբեր 3ին։ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մաթիու Պրայզա, ատրպեճանական մամուլի գործակալութեան մը յայտնած է, որ Հայաստանի արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Դեկտեմբեր 3ին Հելսինքիի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Այս հանդիպումը կազմակերպուած է ԵԱՀԿի Նախարարաց խորհուրդի համագումարի ծիրէն ներս։ Երկու նախարարները պիտի փորձեն համակարգել իրենց աշխատանքները՝ մինչեւ տարեվերջ իրագործելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը։

Թրքական Մամուլը Դժգոհ Է Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Վատիկանի

Կեցուածքէն։ ՎԱՏԻԿԱՆ- ԱՆԹԻԼԻԱՍ- ՊՈԼԻՍ։ Անդրադառնալով Նոյեմբեր 24ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի ու Պենետիքթ ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ թրքական մամուլը Նոյեմբեր 25ին շեշտը դրած է սոյն հանդիպումէն անմիջապէս առաջ Քրոստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ուալթըր Քասփէրի այն յայտարարութեան վրայ, թէ ՝՝Վատիկան արդէն իսկ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝՝, միաժամանակ դժգոհութիւն յայտնելով Վատիկանի այս կեցուածքին նկատմամաբ՝՝։ԿարտինալԳասփէր յայտնած էր որ ՝՝Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն մըն է՝՝։ Այս հարցին վերաբերեալ Վատիկանի կեցուածքը արտայայտուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ .Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ ՅՊԲ. Հայաստանի մէջ այցելեց Ցեղասպանութեան Յյուշակոթողը եւ ՝՝ցեղասպանութիւն՝՝ բառը օգտագործեց։Ցեղասպանութիւնը վարկած մը չէ, այլ՝ իրականութիւն մը։ Ասիկա եզրի հարց չէ։ Ան բազմաթիւ զոհերով պատմական իրողութիւն մըն է, եւ այս յիշատակը դարմանումի կը կարօտի։



Հայաստան Կրկին Կը Դառնայ Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան

ՏՐԵՍՏԸՆ- Նոյեմբեր 25ին ճատրակի աշխարհի 38րդ ողիմպիականի ծիրէն ներս, Հայաստանի հաւաքականի վերջին մրցումին հետեւելու համար Գերմանիա ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարած է ՝՝Հայաստան-Չինաստան՝՝ մրցումին առաջին շարժումը, որմէ ետք մրցումին ղեկը դարձեալ յանձնած՝ առաջին դասուած հայ գերվարպետ Լեւոն Արոնեանին, որ յաջորդական երկրորդ անգամն ըլլալով, աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին առաջնորդեց Հայաստանի կազմը, որ 2006ին եւս խլած էր այդ տիտղոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.