Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը Հռոմի Լեւոնեան հայ Դպրեվանք։
Երեքշաբթի
25 Նոյեմբեր 2008-ի կէսօրին`Արամ Ա. Վեհափառը եւ Շքախումբը ու նաեւ իրեն ընկերացող
աշխարհականները, հիւրը եղան Հռոմի Լեւնեան հայ դպրեվանքին։ Այս առթիւ Արհիապատիւ Պետրոս
Արք. Միրիաթեան, առաջնորդը Հալէպի թեմին եւ Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսան առաջնորդը Աղեքսանդտիոյ
թեմին, յատուկէն Հռոմ ժամանած են ընդունելու Վեհափառ հայրապետը յանուն Տանն Կիլիկիոյ
կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոսին։ Վեհափառը
դպրեվանքի եկեղեցւոյ մէջ ընդունուեցաւ հրաշափառ շարականով։ Ապա Արհիապատիւ Պետրոս Արք.
Միրիաթեան յանուն հայ կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքին հետեւեալ խօսքը արտասանեց.