2008-11-25 12:17:35

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

24 Նոյեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Արամ Ա.ին Համամիութենական Արարողութեան ընթացքին Վատիկանի Ռէտէմբթորիս Մաթէր մատրան մէջ,ի ներկայութեան աշխարհի զանազան գաղութներէն եկած շուրջ 50 ազգայիններուն,Քահանայապետի ու Վեհափար Տիրոջ Պատուիրակութեանց եւ միջազգային մամլոյ ներկայացուցիչներուն(ընդ որս ռատիովատիկանի երկու խմբագիրներ) այդ առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Արամ Ա.ին կոչ ուղղեց Միջազգային Հասարակութեան որպէսզի ՝՝ճանչնայ 20երորդ դարու Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝՝։

Հայաստանի արտաքին Գործոց նախարար եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍՏՀԿ) ժամանակաւոր նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան, Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ դրական զարգացում նկատած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ՝՝բնականոնացման փուլ անցնիլը՝՝։ Ըսենք որ թրքական մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան քարտուղարութիւն կատարած այցելութեան ծիրէն ներս՝Պոլսոյ Չիրաղան հիւրանոցին մէջ Ալի Պապաճանի հետ հանդիպումին։Մասնաւորապէս, թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութիւնը յայտնած է, որ երկու երկիրներու արտաքին ործոց նախարարները երեկոյեան ընթրիքի սեղանի շուրջ քննարկած են իրենց օրակարգին վրայ գտնուող 6 հարցեր, որոնց շարքին՝ սահմաններու աստիճանական բացման, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, Կովկասի կայունութեան եւ համագործակցութեան փլաթֆորմի ստեղծման համար կատարուելիք քայլերու հայող հարցեր։։

Ֆրանսայի ընկերվարական ընդդիմութիւնը անցեալ շաբաթ առաւել եւս պառակտուեցաւ, երբ Ֆրանսայի նախագահութեան նախկին թեկնածու Սեկոլեն Ռուայալ կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեան քուէարկութեան ընթացքին չնչին տարբերութեամբ մը պարտութիւն կրեց իր մրցակից Մարթին Օպրիէն, սակայն մերժեց իր պարտութիւնը ընդունիլ։ֆրանսայի Լիլ քաղաքի քաղաքապետ եւ շաբաթական 35 ժամ աշխատանքի օրէնքի գլխաւոր հեղինակ Մարթին Օպրի յաղթական յայտարարուեցաւ՝ ստանալէ ետք 137 հազար քուէներուն 42 առ հարիւրը։ Ռուայալ իր մրցակից ճամբարը զեղծարարութեան համար ամբաստանեց եւ քուէներու վերահաշուարկումը պահանջեց։

Ռուսական Տուման(խորհրդարանը) կը վաւերացնէ նախագահական նստաշրջանը չորսէն վեց տարուայ բարձրացնող սահմանադրական բարեփոխումը։ Բարեփոխումը վաւերացուած՝392թեր եւ 57 դէմ քուէներով։ Քրէմլինի քննադատներ կը յայտնեն որ այս ՝՝փոփոխութեան՝՝ կրնայ մաս կազմել նախկին նախագահ Վլատիմիր Փութինը իր պաշտօնին վերադարձնելու ծրագիր մը,թէեւ պաշտօնատարներ կը հերքեն այդ մէկը։ 21 Նոյեմբերին հրատարակուած հարցախոյզի մը համաձայն՝Ռուսերուն 56 առ հարիւր տոկոսը կը զօրակցի նախագահական եւ խորհրդարանական աւելի երկար նստաշրջանի մը գաղափարին,մինչ 29 առ հարիւրը դէմ է....նշենք նաեւ որ Նախագահական աւելի երկար նստաշրջանը Մետվետեւի նախագահութեան ընթացքին պիտի չկիրարկուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.