2008-11-24 13:41:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը կ՛ընդունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ առաջին կաթողիկոսը


RealAudioMP3 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ առաջին կաթողիկոսը 23-27 Նոյեմբեր 2008 պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան, երկուշաբթի առաւօտ տեղի ունեցաւ Վեհափառին հանդիպումը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։

Սրբզ. Քահանայապետը պաշտօնապէս ընդունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Արամ Ա վեհափառը։ Երկու Հայրապետները նախ առանձնաբար տեսակցեցան, ապա մուտք գործեցին վեհափառին ընկերակցող 6 արքեպիսկոպոսները, 2 եպիսկոպոսները ու 3 եկեղեցականներ։ Ապա վեհափառը Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց 48 հոգինոց շքախումբը։ Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը եւ վեհափառը ուղղուեցան ՙ ՙՓրկչին մօր՚ ՚ նուիրուած քահանայապետական մատուրը ուր միասնաբար աղօթք կատարեցին։ Աղօթքի հանդիպումը սկիզբ առաւ Հրաշափառ շարականով, Սրբազան Քահանայապետի աղօթքով, ապա յաջորդաբար հետեւեալ աղօթքները կատարուեցան. թիւ 26 սաղմոսերգութիւն, Ս. Յովհաննէսի Աւետարանի ընթերցում ՛՛Բարի Հովիւը՛՛, քարոզ համաշխարհական, աղօթք արձակման եւ Սրբազան Քահանայապետի եւ Կաթողիկոսի օրհնութիւնը։ Սրբազան արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Ուրախ լեր Ս. Եկեղեցի շարականով։

Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղարը գերապայծառ Eleuterio Fortino անդրադառնալով Արամ Ա վեհափառի այցելութեան, ըսած է թէ՝ այս հանդիպումին նպատակն է. սերտացնել երկխօսութիւնը հայ եկեղեցւոյ հետ։ Յատնենք թէ անցեալ Մայիս 9ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գարեգին Բ պաշտօնական այցելութիւն կատարած էր Սրբազան Քահանայապետին։ Նոյնինքն Արամ Ա վեհափառը 1997 Յունուար 23-26 հանդիպում ունեցած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հետ։ Հայ եկեղեցւոյ Կաթողիկոսներու յաճախակի այցելութիւնները կը դրսեւորեն բարի յարաբերութիւնները Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Հայերու եւ կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է եկեղեցական հաղորդութեան նիւթին մասին։ Քրիստոսաբանական հարցերը արդէն հարթուած են։ Արամ Վեհափառը Հռոմի եկեղեցւոյ կատարած այցելութեան ընթացքին երկու անգամ տեսակցութիւն պիտի ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին հետ առաջինը` այսօր, երկուշաբթի, աղօթքի հանդիպում, ճառերու եւ նուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Նախապէս առաւօտեան ժամը 9.30-ին Արամ ա. Վեհափառը պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Վատիկանի տաճար, պահ մը աղօթեց Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի գերեզմանին առջեւ եւ ապա այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը որ կը գտնուի Պազելիքայի դուրսի կողմը։ Վեհափառին Երկրորդ հանդիպումը Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հետ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի օրը նոյեմբեր 26, ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։

Երկուշաբթի յետմիջօրէին Վեհափառը կ՛այցելէ Ս. Պօղոսի Պազելիքան

իսկ երեքշաբթի կէսօրին հիւրը պիտի ըլլայ Հռոմի Լեւնեան հայ դպրեվանքին, իսկ երեկոյեան ժամը 7.30-ին Ս. Բարթողոմիոսի եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամասացութեան պիտի մասնակցի եւ ապա հանդիպում պիտի ունենայ Սանդ Էճիտիօ կոչուած հասարակութեան հետ։

Հռոմ կեցութեան ընթացքին Վեհափառը հանդիպում պիտի ունենայ Եկեղեցիներու Միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Քասբերի հետ, Ս. Աթոռի պետական քարտուղար` կարտինալ Պերթոնիի հետ եւ Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Թոռանի հետ։ Իսկ երեքշաբթի օրը առաւօտեան ժամը 11-ին Վեհափառը Ուրբանեան քահանայապետական համալսարանի մէջ պիտի դասախօսէ "The christians in the Middle East". նիւթին մասին։









All the contents on this site are copyrighted ©.