2008-11-24 14:24:58

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

ԱՅՍՕՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՊԱՊԱՃԱՆ ԻՐԱՐՈՒ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ։ Հայաստանի Աարտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ 24 նոյեմբերին, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պոլսոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ալի Պապաճանի հետ եւ պիտի քննարկէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած հարցեր։Նալբանդեան միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Պոլիս՝ Սեւծովեան տնտեսական համաործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ։Օգտուելով Պոլսոյ մէջ Էդուարդ Նալբանդեանի ներկայութենէն՝ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ալի Պապաճան հանդիպումի առաջարկ կատարած է եւ այդ առաջարկը ընդունուած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարին կողմէ։Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ իբրեւ յարաբերութեանց կարաւորման առաջին քայլ՝ կակնկալէ երկու երկիրներուն միջեւ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատում եւ հայ-թրքական սահմանի բացում։

ՀՐԱՑԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ՝ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԻ ՇՔԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄՕՏ ։Վրաստանի եւ Լեհաստանի նախագահները փոխադրող շքախումբին մօտ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է։ Հարաւային Օսեթիոյ մօտ գտնուող անցարգելի մը վրայ պատահած դէպքին ընթացքին վիրաւորներ չեն արձանագրուած։ Հրացանաձգութիւնը կատարուած է Հարաւային Օսեթիայէն՝բայց այդ մէկը չէ հաստատուած։Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի եւ իր լեհ պաշտօնակիցը՝ Լեչ Քաչինսքի կայցելէին այն շրջանը, ուր ռուս եւ վրացական ուժեր անցեալ օգոստոսին բախումներ ունեցած էին։Մինչ այդ, Վրաստան կը նշէր Վարդագոյն յեղափոխութեան 5-երորդ տարեդարցը։

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ։ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Քալիֆորնիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած է Հայ կրթական հիմնարկութեան, Հայ-ամերիկեան առեւտուրի պալատի, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, Միացեալ հայ երիտասարդներու կազմակերպութեան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Հայ համայնքին հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, նախարար Յակոբեան ներկայացուցած է նախարարութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու նպատակները՝ հայապահպանութեան, հայ ներուժի յայտնաբերման եւ օգտագործման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան խնդիրներուն վերաբերեալ ։ Սփիւռքի նախարարին այցելութիւնը պիտի աւարտի Նոյեմբեր 27ին։

ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՎԱՀԱՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՓՈՐՑԵՐ։ Թրքական իսլամ արմատական կուսակցութեան մը թերթը հանդիսացող ՝՝Միլլի Կազէթը՝՝ կը տեղեկացնէ, թէ թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները օրէնքի մը նախագիծը առաջադրած են, օրինական վահան մը հաստատելու համար Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ։ Յատկանշական է, որ նախագիծը ներկայացուած է այն օրերուն, երբ Թուրքիոյ վարչապետն ու նախագահը ամէն առիթ կօգտագործեն՝ կատարելու համար այն անհիմն պնդումը, թէ մինչ Թուրքիա բոլորին առջեւ բացած է իր արխիւները, Հայաստան կը շարունակէ փակ պահել զանոնք, դժուարացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ ուսումնասիրութիւնները։Թերթը կը գրէ, թէ իր այս քայլով, կառավարութիւնը կը փորձէ օրինական դարձնել Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող արխիւներուն օգտագործման արքելքը, որովհետեւ նախագիծին մէջ կը նշուի, թէ պետական մարմինները իրաւունք պիտի ունենան արգիլելու օգտագործումը այն արխիւներուն, որոնց բացայայտումը կրնայ վնաս հասցնել ազգային ապահովութեան ու շահերուն։

ԱՄԵՐԻԿԱ-ՎԱՇԻԿԹԸՆ։Ամերիկայի մէջ Անգործներու Աւելի Երկար Ժամանակով Օժանդակութիւն Տրամադրելու Օրէնքը Ստորագրուած։ Մինչ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու միջոցներ կը փնտռուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Նոյեմբեր 21ին ստորագրեց Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւը, որ մինչեւ 13 շաբաթ յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ անգործ դարձած ամերիկացիներուն, որոնք ներկայ օրէնքով առաւելագոյնը՝ 26 շաբաթով օժանդակութիւն կրնային ստանալ։ Նոյն օրը հրապարակուած հարցախոյզ մը հասած էր այն եզրակացութեան, որ ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը կակնկալէ, որ անգործութեան համեմատութիւնը 85 տոկոսի պիտի բարձրանայ յառաջիկայ տարուան ընթացքին, ինչ որ հեռու չէ տնտեսագէտներու ակնկալութիւններէն (մօտաւորապէս 8 տոկոսը)։Քալիֆորնիոյ պարագային, 21 Նոյեմբերին հաղորդուեցաւ, թէ անգործութեան մակարդակը արդէն իսկ 82 տոկոսի բարձրացած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.