2008-11-23 15:17:32

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


 Զուիցերիա։ Լոզանի Միջ-Կրօնական Երկխօսութեան Տունը։

Լոզանի Միջ-Կրօնական երկխօսութեան տունը կը տօնէ իր գործունէութեան 10 ամեակը։ Այս տասը տարիներու ընթացքին հիմնարկը կարեւոր դեր ունեցած է երիտասարդներու մօտ՝՝ուղղելով անոնք հանդրժողութեան ուրիշներու հետ յարաբերութեան մէջ՝՝։ Պարտաւորիչ դպրոցի 60հազար աշակերտներու 5ի վրայ՝4ը կը յայտարարեն իրենց կրօնական պատկանելիութիւնը ,այսպէս հարիւրէն 37ը փոքրեր կաթողիկէ,հարիւրէն 32ը բողոքական,հարիւրէն 10ը իսլամ, իսկ հաիւրէն 7ր կր պատկանին այլ դաւանանքներու։Միւս կողմէ Լոզան ապրող օտարականներու հարիւրէն 36 տոկոսը կ՝ապրի իր կրօնքին ու մշակոյթին համաձայն։ Իսկ Հրեայ հասարակութեան ներկայացուցիչ Անթուան Տավիտ , Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը կը նկարագրէ ՝՝որպէս բազմաձայն երգ մը յորում իւրաքանչիւր երգիչ պահելու համար իր ձայնի ստիճանը՝ հարկ է որ ունկնդրէ այլ երգողներու ձայնը՝՝։

Հնդկաստան։ Սուրբ Պօղոսի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն Թամիլ Նատու Պետութեան մէջ։

Թամիլ Նատու-ի հաւատացեալները(հարաւային հնդկաստան)մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կուտան՝ պատմութեան նկատմամբ,Սուրբ Պօղոսի անձի ու հոգեւորութեան հանդէպ։ Զայս կը տեղեկացնէ հայր Ատիրուպէն Նոլասէ Տարմաբուրի Թեմի Հոգ-Հոգւոցի Կեդրոնի Տնօրէնը։ Արդարեւ Պողոսեան Յոբելենական տարուայ առթիւ թեմը սկիզբ տուած է՝ խորազննութեան ու տեղեկութեան բազմակողմանի յայտագրի մը՝Հեթանոսներու Առաքեալի մասին իւրայատուկ նախաձեռնութիւններով՝մտածուած չափահասներու,երիտասարդներու եւ պատանիներու համար։ Նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի կ՝ունենան մշակութային ու հոգեւոր բնոյթով բազմաթիւ հանդիպումներ ,առիթ ընծայելու համար անգամ մը եւս բոլոր անոնց,որոնք նախ քան տեղի ունեցած հանդիպումներուն չեն կրցած մասնակցիլ։ Յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի պիտի ունենայ եռօրեայ ուսումնաժողով մը նուիրուած Սուրբ Պօղոսի Թուղթերու աստուածաբանական խորազննումին, Սուրբ Գրքի երեւելի մասնագէտներու եւ Աստուածաբաններու մասնակցութեամբ։



Թուրքիա։ Սուրբ Պօղոսի Անուան Մշակոյթի Կեդրոնը։

Սուրբ Պօղոսի անուան մշակոյթի կեդրոնը թուրքիոյ մէջ կը գտնուի Անտիոք քաղաքը,նախաձեռնութեամբը՝ Գաբուչին Կրօնաւորներու,Պետրոս ու Պողոս Սուրբերու անուան անտիոքի ժողովրդապետութեան հաւատացեալներու ու նաեւ Իտալիոյ Փատովա քաղաքի Եպիսկոպոսի։ Կեդրոնը ունի Սուրբ Պողոսի մասին մասնագիտացած մատենադարան մը եւ սերտողութեան սրահներ բոլոր անոնց համար՝ որոնք կ՝ուզեն խորացնել իրենց ծանօթութիւնը Հեթանոսներու Առաքեալի մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.