2008-11-23 15:19:54

Հայաստան կը դատապարտէ Թիֆլիսի մէջ իրականացւող բարբարոսութիւնը


Հայաստան կը դատապարտէ Թիֆլիսի մէջ իրականացւող բարբարոսութիւնը

Նոյեմբերի 16-ին Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ սպասաւոր Հայր Տարիէլ Սիկինչելաշւիլին բանւորներու հետ, բուլդոզերի օգնութեամբ, սկսած է քանդել Թիֆլիսի Նորաշէն վանքի բակը գտնուող Միխայիլ եւ Լիդիա Թամամշեւներու գերեզմանները: Համախմբուած թիֆլիսահայերը վրդովւած պահանջած են իրենց տեղը վերադարձնել շիրիմաքարերը, որ վէճի վերածուած է:

Նորաշէնի եկեղեցին կառուցուած է 15-րդ դարու կէսերը: 20-րդ դարու 30-ական թուկաններուն եկեղեցին, այլ կրօնական կառոյցներու հետ մէկտեղ, փակուած է կրօնական գործունէութեան համար եւ դարձած էր գրապահոց: Պետական անկախութեան վերականգնումէն ետք՝ Վրաստանի կառավարութիւնը եկեղեցին չվերադարձուց անոր օրինական ու պատմական տիրոջ: Ներկայիս Վրացական եկեղեցին կը փորձէ իւրացնել Նորաշէնը: Միւս կողմէն Երեւանը դիւանագիտական քայլ գործադրած է՝ Թիֆլիսի մէջ կատարուած հերթական բարբարոսութիւնը կանխելու համար:  








All the contents on this site are copyrighted ©.