2008-11-22 14:24:59

Կիրակի 23 Նոյեմբեր 2008 Երկրորդ Կիրակի Յիսնակաց

ՙՆախախնամութիւնը կը հոգայ ամէն բան՚ (Ղուկաս 12, 13-31)


Քրիստոս մեզի կը պատմէ առակ մը, անմիտ հարուստին առակը։ Մարդ մըն է որ մեծ հարստութեան տէր կը դառնայ որովհետեւ իր բերքերը առատ կ՛ըլլան այդ տարի. Եւ սակայն, փոխանակ մտածելու բաժնել իր ինչքերը եւ աւելորդը տալ աղքատներուն, ան կը նախընտրէ անձնասէր կերպով ամէն ինչ պահել ինքիրեն, որպէսզի կարենայ երկար տարիներ ապրիլ ու զուարճանալ, նոյնիսկ առանց աշխատելու։

Ընչաքաղց ու անձնասէր այս մարդը կը կարծէ թէ Աստուծոյ ընծայած առատ բարիքները միայն իրեն համար են եւ ուրիշները իրաւունք չունին անոնցմէ օգտուելու. Երբեք չի մտածեր թէ Տէրը կրնայ մէկ րոպէի մէջ առնել այն ինչ որ այնքան առատօրէն շնորհած է իրեն, թէ աշխարհի վրայ մեր կեանքը յաւիտեան պիտի չտեւէ եւ թէ մեր ամէնուս պարտականութիւնն է իրարու մէջ բաժնել Աստուծոյ պարգեւած բարիքները, որպէսզի ըլլանք արդար գործակիցներ Աստուծոյ կամքին։

Այս առակով Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ թէ հարստութիւն դիզելը, լոկ մարդկային ակնարկով նոյնիսկ` որեւէ իմաստ չունի, քանի մահը դարանակալ կը սպասէ մեզի կեանքի մէն մի վայրկեանին, մանաւանդ ամէնէն չսպասուած ժամուն։

Եթէ բան մը պիտի չկարենանք տանիլ մեր հետ, ուրեմն որու՞ համար հաւաքենք այդքան հարստութիւն. Եթէ մեր ժառանգորդներուն համար է, նորէն որոշ չափով օգտակար բան մըն է, բայց եթէ լոկ մեզի համար է, անիմաստ է եւ անտեղի։

Երկրորդ դասը զոր կու տայ Տէրը այս առակին մէջէն` այն է որ մարդ վստահութիւն ունենալու է նախախնամութեան վրայ եւ իր բոլոր միտքն ու հոգին միայն նիւթական բարիքներու չկապէ, սանձարձակ կերպով վազելով միայն շահի ետեւէն, մոռնալով իր հոգին, որ իր մեծագոյն գանձն է։ Ի՞նչ կ՛արժէ մարդուն եթէ բոլոր աշխարհը շահի եւ իր հոգին կորսնցնէ, կ՛ըսէ դարձեալ Քրիստոս։ Եթէ մենք գիտնանք արժեւորել մեր հոգին եւ զայն դասել գեր իվեր նիւթէն, վստահաբար նախախնամութիւնն ալ պիտի հոգայ բոլոր նիւթական պէտքերը որոնց կարիքն ունի մեր մարմինը։

Սակայն ուշադիր, նախախնամութիւնը չ՛արգիլեր որ մարդս ըլլայ իմաստուն եւ հեռատես. Աւելի կարեւոր է խնամքը հոգիին քան մարմնին, սակայն չի նշանակեր թէ բոլորովին լքելու ենք ինչ որ մարմնաւոր է. Ամէն մարդ վիճակի պարտականութիւններ ունի զորս պէտք չէ անտեսէ, մանաւանդ թէ` խղճմտօրէն զանոնք պարտի իրագործել։

Մէկ խօսքով` ամէն ինչ Աստուծոյ նախախնամութեան վրայ ձգելու չէ, ապրելով անհոգ կեանք մը. Միամիտ է այն որ կը կարծէ թէ Աստուած ամէն օր զինք հրաշքով պիտի կերակրէ, առանց որ ինք յոգնի եւ ջանք թափէ։ Հարկ է սթափիլ. դրախտին մէջ չէ որ կ՛ապրինք, հոն ուր առանց աշխատանքի եւ կամ յոգնութեան` մեր նախնիք իրենց խաղաղ կեանքը կ՛անցնէին, մինչեւ որ արգիլուած պտուղէն ուտելով` դատապարտուեցան իրենց ճակտի քրտինքով շահելու իրենց առօրեայ հացը։

Աշխատանքը հարկաւոր է ամէն մարդու, ըլլայ ան հարուստ թէ աղքատ, գործատէր թէ գործաւոր։ Աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդուն հոգին եւ կու տայ գոհունակութիւնը ինքնաբաւ ըլլալու եւ ինք իր վաստակով ապրելու։ Ով որ կը փախչի գործէն` ինքզինք կը վարժեցնէ ծուլութեան եւ կամաց կամաց կեանքի համն ալ կը կորսնցնէ, եւ կ՛ըլլայ անպէտ անձնաւորութիւն մը թէ ինքիրեն եւ թէ ընկերութեան համար։ Ուստի կատարենք մեր պարտականութիւնը եւ մնացածը թողունք նախախնամութեան, առանց չափազանց հոգ տանելու մեր մարմնական պէտքերուն, այլ տեղ ձգելով նաեւ մեր հոգւոյ կարիքներուն. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.