2008-11-21 13:22:22

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։



Ամերիկայի մէջ անգործութեան էամեմատութեան աճը կը ճնշէ շուկաները։

Հետզհետէ աւելի տարածուող անգործութիւնը, Նոյեմբեր 20ին շարունակեց իր բացասական ազդեցութիւնը ունենալ տնտեսութեան եւ բաժնետոմսերու շուկային վրայ։ Արդարեւ, Նոյեմբեր 20ին հաղորդուեցաւ, թէ առաջին անգամ անգործութեան ապահովուագրութենէն օժանդակութիւն ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը անցեալ շաբաթ հասած է 542,000ի, ինչ որ 16 տարիներու ընթացքին բարձրագոյն թիւն է։

Միաժամանակ, աւելի քան 4 միլիոն ամերիկացիներ կը շարունակեն նման օժանդակութիւններ ստանալ, ինչ որ 1982ի Դեկտեմբերէն ի վեր ամենաբարձր թիւն է։

Տնտեսագէտներու կարծիքով, անգործութեան համեմատութիւնը կրնայ 8 տոկոսի սահմաններուն հասնիլ յառաջիկայ տարուան ընթացքին։Տնտեսագէտներ ու Դաշնակցային պահեստը արդէն իսկ համաձայն կը թուին ըլլալ այն բանին, թէ տնտեսական նահանջը պիտի շարունակուի առնուազն մինչեւ 2009ի կէսը։



Քոնկօ։Արեւելեան Քոնկոյին Քաղաքացիական նորագոյն պատերազմը աւելի քան 250,000 հոգի տեղահան ըրած է վերջին քանի մը ամիսներուն,եւ անոնց մէջ կան,( ըստ ՄԱԿի տուեալներուն) մօտաւորապէս 1600 երեխաներ, որոնք բաժնուած են իրենց ընտանիքներէն։



Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Լոս Անճելէսի մէջ։

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը Հրանոյշ Յակոբեան Նոյեմբեր 18ին ձեռնարկեց Լոս Անճելըսի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ իր ունենալիք հանդիպումներուն ։

Լոս Անճելըսի մօտ հայկական հիւպատոսարանին մէջ, նախարարը հանդիպած է(այլ հանդիպումներու շարքին) շրջանի հայ տպագիր մամուլի ներկայացուցիչներուն, անոնց փոխանցելով իր ղեկավարած կառոյցին անմիջական ու հետագայ ծրագիրները, որոնք ամբողջութեամբ կը միտին կազմակերպուած Սփիւռք-Հայաստան կամրջումը առաւել ամուր հիմքերու վրայ դնել, միաժամանակ կազմակերպելով՝անկազմակերպ, նորաստեղծ սփիւռքեան համայնքները։Նախարարը թուարկած է այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնցմով պիտի ղեկավարուի իր կառոյցը։ Ան նաեւ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։նախարարը ապա հանդիպում ունեցած է

Իրաքահայ միութեան, Միացեալ Նահանգներու Հայ ճարտարագէտներու եւ Գիտնականներու միութեան, Հայ-Ամերիկեան սփիւռքի կեդրոնի եւ Հայ ճարտարապետներու միութեան ներկայացուցիչներու հետ։ Լոս Անճելըս այցելութեան ծրագրի առաջին օրը աւարտած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի խորհուրդի ղեկավարի հետ աշխատանքային հանդիպումով։

Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր կարգին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան մարաթոնի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով։

Նոյեմբեր 19ին Բակօ Սահակեան Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայ Օգնութեան միութեան (ՀՕՄ), ԱՄՆ Արեւելեան ափի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, ՀՄԸՄի եւ Համազային մշակութային միութեան ներկայացուցիչներու հետ։Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է ամերիկեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու՝ ինչպէս Պոսթըն Կլօպ, Արմինեըն Միրըր Սփեքթէյթըր եւ Հայրենիք թերթերու թղթակիցներուն հետ, ու պատասխանած է ԱՄՆի եւ ԼՂՀի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հասարակական-տնտեսական զարգացման ու Արցախ-Սփիւռք կապերուն վերաբերող բազմաթիւ հարցերու։ԼՂՀ. նախագահի հանդիպումներուն մասնակցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարեւ Արք. Մարտիրոսեան, ԼՂՀ ֆինանսներու նախարար Սպարտակ Թեւոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ։



Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի քաղաքական ուժերու ղեկավարները հրաւիրած է ՝՝Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝՝ թեմայի դռնփակ քննարկման։ Հինգ ժամ տեւած այս քննարկումին մասնակցած են Հայաստանի շուրջ եօթանասուն կուսակցութիւններէն յիսունին ղեկավարները։ Բացակայ եղած են Հայ Ազգային Քոնկրէսի շարք մը կուսակցութիւններու ղեկավարներ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան չէ հրաւիրուած քննարկման, որովհետեւ ան որեւէ կուսակցութեան ղեկավար չէ։ Իսկ Ընդդիմութենէն ՝՝Ժառանգութիւն՝՝ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Անահիտ Բախշեան ընդառաջած է հրաւէրին ու մասնակցած է քննարկումին։ Դռնփակ քննարկումէն ետք, կուսակցութիւններու ղեկավարները դրական գնահատած են հանդիպումը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.