2008-11-20 13:29:08

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Յառաջիկայ 24 նոյեմբերին երանացումը պիտի կատարուի Pietro Kibe –ի եւ այլ 187 նահատակ ճաբոնցիներուն։ Երանացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նաքազաքա քաղաքին մէջ։ Ճաբոնցի 188 նահատակները ունէին անուն, ընտանիք, տուն եւ գործ։ Անոնցմէ ոմանք ազնուականներ էին, եւ ուրիշներ կը պատկանէին Սամուտայի դասակարգին եւ ուրիշներ պարզ ժողովուրդին մաս կը կազմէին։ Ժողովուրդը զանոնք կը գնահատէր ու անոնց բարիքը կ`ուզէր։ Անոնք լոյսի աղբիւր էին ու ընկերութեան բարենորոգումի օվասիս։ Այդ նահատակները քրիստոնեայ էին եւ սորված էին միշտ ներել։ Անոնք ընկերութեան մէջ բարի օրինակ էին եւ կը մերժէին չարաշահութիւնը եւ ընչաքաղցութիւնը։ Հալածանքի բերումով նաքազաքիի քրիստոնեաները իրենց առաջնորդները կորսնցուցին. անոնք գիտցան խորացնել եւ փոխանցել իրենց հաւատքը իրենց զաւակներուն շնորհիւ մշտատեւ աղօթքի ու Ս. Գրքի ընթերցումին։ Հաւատարիմ իրենց Վարդապետինյ գթարատ Յիսուս Քրիստոսին, անոնք սիրով ծառայեցին հոգւով ու մարմնով տառապեալներուն։

Յայտնենք թէ Ճաբոնի քրիստոնեաներու առաջին քարոզիչը եղաւ սուրբ ֆրանչիսքոս Սավերիօն։ Ան ճաբոն մտաւ 15 օգոստոս 1549ին եւ հոն մնաց մինչեւ նոյեմբեր 1551։ Վախճանեցաւ 3 դեկտեմբեր 1552ին Սանչիանօ կղզին, սահմանակից Չինաստանի, ուրկէ կը յուսար մտնել հոն քարոզելու Քրիստոսի Աւետարանը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.