2008-11-20 13:42:42

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


 Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հրաւիրուած՝ Ատրպէյճանի Միջ-Կրօնական Համագումարին։

՝՝Թրէնտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը Նոյեմբեր 17ին հաղորդեց թէ Ատրպէյճանի մէջ յառաջիկայ տարուայ Սեպտեմբեր 30էն-Հոկտեմբեր 2-ին կայանալիք Միջ-Կրօնական Համագումարին պիտի հրաւիրուի նաեւ Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Կովկասի Իսլամ կրօնապետերու խորուրդի պետ Ալլահշուքուր Փաշազատէ, 17 Նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկութիւներ փոխանցած է սոյն համագումարի մասին,յիշեցնելով թէ զայն կազմակերպող մարմինը (Միջկրօնական խորհրդատուական մարմինը) ունի երկու համանախագահներ,որոնցմէ մէկը ինքն է,իսկ երկրորդը Համայն Ռուսիոյ Ալեքսիս Բ. Պատրիարքը։ Ան աւելցուցած է նաեւ թէ միջկրօնական սոյն Համագումարին հայերու ներկայացուցիչը չհրաւիրելը վնաս կը հասցնէ Միջկրօնական երկխօսութիւնը սերտացնելու սկզբունքին։ Նշենք նաեւ որ Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան քահանայապետը եւս պիտի հրաւիրուի Ատրպէյճանի Միջկրօնական Համագումարին։



Տրապզոնի Թատրոնը Վանաձորի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ ՝՝Պաղտասար Աղբարը՝՝։

Թուրքիոյ Տրապզոն քաղաքի Արուեստի Թատրոնի Ղեկավարը Նէճաթի Զէնկին ,քաղաքի լրագրողներու միութեան մէջ կազմակերպուած Մամլոյ ասուսլիսի ընթացքին յայտարած է, թէ իր ղեկավարած թատրոնը հիւրախաղերով հրաւիրուած է Հայաստան,Վանաձորի Ակադեմիական Պետական Թատրոնին մէջ հանդէս գալու համար։ Անոր խօսքերով Տրապզոնի արուեստի թատրոնը Նոյեմբեր 25էն-27ի միջեւ Վանաձորի մէջ հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ Յակոբ Պարոնեանի ՝՝Պաղտասար Աղբար՝՝ թատերախաղը ,որ երկու տարի առաջ բեմադրուած եւ արդէն իսկ՝ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ յաջողութիւններ ձեռք ձգած։








All the contents on this site are copyrighted ©.