2008-11-20 13:29:38

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք կը մերժէ ընդառաջել՝ երկու շաբաթէ ի վեր Իսրայէլի կողմէ փակուած անցքերուն միջոցով մարդասիրական օժանդակութեան դէպի Կազա առաքումը արտօնելու, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կատարած կոչին։ Էհուտ Պարաք Ձայնասփիւռի մը տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է որ ՝՝ Պէտք է հանդարտութիւն տիրէ, որպէսզի անցքերը կարելի ըլլայ բանալ՝՝։Իսրայէլ անցքերը փակեց, երբ պաղեստինցի զինեալներ հակադարձելով 4 նոյեմբերին իսրայէլեան բանակին կողմէ Կազայի վրայ կատարուած յարձակումի մը, սկսան առօրեայ կշռոյթով հրթիռներ արձակել Իսրայէլի վրայ։ Միւս կողմէ Պարաք կ՝ընդունի որ բռնարարքները սկիզբ առին իսրայէլեան յարձակումին պատճառով։ Իսրաէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Պարաք կ՝ընդգծէ նաեւ թէ ՝՝Իսրայէլ մարդասիրական պէտքերուն նկատմամբ զգայուն է եւ ուշադիր։ Սակայն նաեւ Համաս պէտք է զինադուլ պարտադրէ աւելի փոքր կազմակերպութիւններուն եւ ատիկա պիտի օգնէ անցքերուն միջոցով յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտքին։

Սերժ Սարգսեանի հեռաձայնային խօսակցութիւնը՝Գոնտոլիցա Ռայսի հետ։

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարար Քոնտոլիցա Ռայսի հետ՝ Ռայսի նախաձեռնութեամբ։Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։

Հայաստան-Իրան Երկաթուղիին Կարեւորութիւնը մեծ է Հայաստանի համար։

՝՝Նոյեան Տապան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր յայտարարած է, թէ ՝՝Հայաստանի կառավարութիւնը տուած է քաղաքական որոշում մը, ըստ որուն Հայաստան - Իրան երկաթուղիի կառուցումը խիստ անհրաժեշտ է Հայաստանին համար, եւ համապատասխան աշխատանքները արդէն սկսած են պետական պիւտճէի միջոցներով։ Ան աւելցուցած է, որ նախագիծին իրականացման հարցին մէջ ետդարձի ճամբայ չկայ՝՝։ Ըստ Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեանի՝ Հայաստան - Իրան երկաթուղիի շինարարութեան երեք տարբերակներէն նախընտրելին 447 քմ երկարութեամբ երկաթուղիի տարբերակն է։ Միւս երկու տարբերակներու պարագային երկաթուղին պիտի ունենայ կա՛մ 373 քմ, կա՛մ 443 քմ երկարութիւն։Երեք տարբերակով ալ երկաթուղին պիտի երկարի երկու երկիրներու սահմանէն մինչեւ՝ Ջերմուկ։Նախարարը նշած է, որ երկաթուղիի շինարարութիւնը պիտի տեւէ 5 տարի։Մասնագէտներուն կարծիքով, Հայաստան - Իրան երկաթուղիի շինարարութեան համար 1,5-2 միլիառ տոլարի կարիքը կայ։

Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Վրաստանը։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքով Վրաստանը զուշացուց, թէ իր բանակը զօրացնելու որեւէ քայլ, աւելի խիստ կերպով պիտի պատժուի, քան անցեալ օգոստոսի կարճատեւ պատերազմին ընթացքին։Սերտիուքով, որ երկօրեայ այցելութեամբ Թուրքիա կը գտնուի, վերստին արտայայտեց Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հակահրթիռային համակարգի զետեղման դէմ Մոսկուայի ընդդիմութիւնը։

Յունաստան Կը Քննադատէ Մակեդոնիան։

Յունաստան յայտարարեց, որ Միջազգային քրէական դատարանին Մակեդոնիայի ներկայացուցած դատական հարցը փաստ է, թէ նախկին Եուկոսլաւիոյ սոյն հանրապետութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկարատեւ վէճը երկխօսութեան ճամբով չուզեր լուծել։

Մակեդոնիա Լա Հէյի մէջ դատական հարցը յարուցեց Աթէնքը ամբաստանելով ՕԹԱՆ-ի իր անդամակցութիւնը արգիլելու դիտաւորութեամբ։ Արդարեւ Սքոփիէ կը յուսար անցեալ ապրիլին Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի Գերաստիճանին արդէն մաս կազմել ՕԹԱՆ-ին, սակայն Աթէնք այդ քայլը վեթոյի ենթարկեց՝՝՝Մակեդոնիա՝՝ անունին հ այող վէճի պատճառով։ Աթէնք կը յայտնէ, որ այդ անունը նոյն անունը կրող իր հիւսիսային նահանգին նկատմամբ հողային պահանջ կենթադրէ։ Երկու երկիրները 17 տարիէ ի վեր ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ կը բանակցին։Աթէնք կը յայտնէ, որ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ պիտի պաշտպանէ իր դատը։

20 Նոյեմբեր Մանկութեան եւ Պատանեկութեան Իրաւունքներու Միջազգային օր՝հռչակուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպոիւթեան կողմէ 20 Նոյեմբեր 1989ին եւ վաւերացուած աշխարհի 193 Երկիրներու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.