2008-11-19 13:37:19

 

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Միջ-Կրօնական 22րդ Հանդիպումը։ ՝՝Խաղաղութեան Քաղաքակրթութիւնը.Կրօնքները եւ Մշակոյթները Երկխօսութեան մէջ՝՝։



16էն- 18 Նոյեմբեր Հարաւային Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիքոզիա տեղի ունեցաւ Վատիկանի հովանաւորութիւնը վայելող Սուրբ Էճիտիոսի Հասարակութեան՝Կիպրոսի Յոյն-Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ գործակցութեամբը կազմակերպած 22երորդ միջ-կրօնական հանդիպումը ՝՝Մարդիկ եւ Կրօնքները՝՝ նշանաբանով,որու իրենց մասնացկութիւնը բերած էին 60 Երկիրներու՝200 կրօնական ու քաղաքական անձնաւորութիւնները։ Կիպրոսի միջ-կրօնական հանդիպումը վերջ գտաւ ի խնդիր խաղաղութեան զօրաւոր կոչով մը յորում կը կարդանք հետեւեալ տողերը ՝՝Ոչ մի ատելութիւն,ոչ մի ընդհարում եւ ոչ մի պարիսպ կը դիմանայ՝աղօթքին,երկխօսութեան եւ ներումին՝՝։



Հայկական Զինեալ Ուժերը կը Ձախողեցնեն Ազէրպէյճանական Գործողութիւն Մը։

Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը մէջ նշած է, որ 16 նոյեմբերի լուսցող գիշերը Ազէրպէյճանի զինեալ ուժերու յատուկ ջոկատ մը Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ուժերու դիրքերու հարաւարեւելեան ուղղութեամբ փորձած է ճեղքել Ղարաբաղի բանակի թիկունքը, սակայն ղարաբաղցի զինուորներուն ձեռնարկած գործողութեանց իբրեւ արդիւնք նահանջած է իր նախկին դիրքերը՝ տալով առնուազն մէկ զոհ։Այս յարձակումը տեղի կունենայ այն պահուն , երբ Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջան կ՝այցելեն եւ Մոսկուայի մէջ կը ստորագրուի ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող յատուկ հռչակագիր մը։



Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի

Այցելութիւնը Արժանթին եւ Ուրուկուէյ։



Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Նոյեմբեր 8էն -12ի միջեւ, աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Արժանթին։ Ըլլալով Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան (ՀԿՄԸ) հայաստանեան կառոյցի նախագահ՝ Հրանուշ Յակոբեան Արժանթինի մէջ մասնակցած է նշեալ կազմակերպութեան հերթական համաժողովի աշխատանքին։ Շուրջ 15 երկիրներէ Պուէնոս Այրէս ժամանած հայ պատուիրակներուն միացած է նաեւ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի նախկին դեսպան Ճոն Էվընսի կինը՝ Տոնա Էվընսը, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինքը, Հայաստանի մօտ ՄԱԿի Զարգացման ծրագրի ղեկավար Քոնսուէլօ Վիտալը։

Նոյեմբեր 8ին նախարարը ելոյթ ունեցած է արժանթինահայութեան շուրջ 500 ներկայացուցիչներու առջեւ, եւ պատասխանած է սփիւռքահայութիւնը յուզող կարգ մը հարցերու մասին իրեն կատարուած հարցումներուն։ Յաջորդ օրերու ընթացքին ան այցելած է համայնքային կառոյցներ, ծանօթացած է անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հիւրը հանդիսացած է Մարի Մանուկեան եւ Հայ-Արժանթինեան վարժարաններուն։

Նոյեմբեր 12ին Հրանուշ Յակոբեան ներկայ գտնուած է Հայաստան հիմնադրամին եւ Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան։ Իսկ Նոյեմբեր 13ին ան մեկնած է Ուրուկուէի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ, ուր այցելած է համայնքային կառոյցներ, որոնց շարքին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի, հայկական ծերանոց, Ներսիսեան եւ Նուպարեան վարժարաններ, ծաղիկներ դրած է Արմենիա հրապարակի վրայ գտնուող յուշարձանին։ Յակոբեան ելոյթ ունեցած է ուրուկուէյահայ համայնքին առջեւ եւ պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Միւս կողմէ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 18-27ին շրջան այցելող Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.