2008-11-18 11:26:39

Վատիկանեան տեղեկութիւններ' Կարտինալ Պերթոնէ պիտի գլխաւորէ ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը Յունուար ամսոյն մէջ։


Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, պիտի գլխաւորէ ընտանիքներու համաշխարհային 6-րդ հանդիպումը որ տեղի պիտի ունենայ Մեքսիքոյի մայրաքաղաքը յառաջիկայ Յունուար 13-18։ Անցեալ Սեպտեմբեր 18-ին ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարտինալ Անթոնելլի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր տարիքին բերումով պիտի չկարենայ մասնակցիլ հանդիպումին։ Իր բժիշկը զգուշացուց զինք Մեքսիքա ճամբորդել։ Արդարեւ Մեքսիքա քաղաքը բարձրաւանդակ է եւ կը գտնուի 2300 մեթր բարձրութեան վրայ եւ Սրբազան Հայրը անցեալին սրտի հարցեր ունեցած էր։ Անցեալ յուլիս 2006ին Սպանիոյ ընտանիքի համաշխարհային 5-րդ հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը անձամբ յայտարարած է Մեքսիքօ քաղաքի ընտրութիւնը։ Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը երեք տարին անգամ մը կը կազմակերպուի։ Առաջինը Հռոմի մէջ սկսած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.