2008-11-18 08:55:27

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին

Զրոյց 19-րդ Ուխտեալ կեանքի նուիրուածները


192-Ի՞նչ է ուխտեալ կեանքը։

Ան Եկեղեցւոյ ճանաչումը վայելող գոյավիճակ մըն է։ Ան Քրիստոսի ուղղած առանձին կոչին տրուած ազատակամ պատասխանն է, ուր նուիրեալ անձեր իրենք զիրենք ամ-բողջովին Աստուծոյ կ՛ընծայեն եւ Ս. Հոգիին ազդեցութեամբ սիրոյ կատարելութեան կը ձգտին։ Այս նուիրագործումը կը յատկանշուի աւետարանական խրատներուն գործադրութեամբ։



193-Նուիրեալ կեանքը Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի՞նչ կ՛ընծայէ։

Նուիրեալ կեանքը Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասնակցութիւն մըն է՝ Քրիստոսի եւ իր եղբայրակիցներուն հանդէպ ցուցաբերած ամբողջական ինքնանուիրումով, իբր վկայութիւն երկինքի Արքայութեան յոյսին։



Հանգանակ Հաւատքի Կը Հաւատամ Սուրբերու Հաղորդութեան



194-Ի՞նչ կը նշանակէ սուրբերու հաղորդութիւն։

Ան նախ եւ առաջ կը նշանակէ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն հասարակաց մասնակցութիւնը սրբութիւններուն սրբութեան, այսինքն՝ հաւատքին, սուրբ Խորհուրդներուն, յատկապէս Գոհութեան խորհուրդին, պարգեւաշնորհներուն եւ հոգեւոր միւս պարգեւներուն։ Այս հաղորդութեան արմատը սէրն է, որ իր սեփական շահը չի փնտռեր 1 Կոր 13, 5, այլ հաւատացեալները կը մղէ իրենցմէ աւելի չքաւորին հետ ամէն ինչ հասարակաց դարձնելու Գործ 4, 32, նոյնիսկ իրենց նիւթական ինչքերը։



195 -Սուրբերու հաղորդութիւնը ուրիշ ի՞նչ կը նշանակէ։

Ան կը նշանակէ հաղորդութիւն նաեւ սուրբ անձերու միջեւ, որոնք շնորհքին միջոցով՝ մեռեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսին հետ միացած են։ Անոնցմէ ոմանք աշխարհիս վրայ տակաւին ուխտագնացներ են։ Ուրիշներ այս կեանքէն մեկնած ըլլալով, իրենց մաքրասրբումը կ՛աւարտեն՝ նաեւ մեր աղօթքներուն օժանդակութեամբ։ Վերջապէս ուրիշներ՝ Աստուծոյ փառքը արդէն կը վայելեն եւ մեզի համար կը բարեխօսեն։ Այս բոլորը միասին՝ Քրիստոսով մէ՛կ ընտանիք, այսինքն Եկեղեցին կը կազմեն՝ ի գովեստ եւ ի փառս Երրորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.