2008-11-17 12:27:15

Քեսապի Ս Միքայէլ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ Բացում Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2008 -


Քեսապ, Սուրիա -Նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Արհի Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ 8 Նոյեմբեր 2008ին, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց Բարձր Ճազիրէի Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեան առընթերակայութեամբ Տէր Զարեհ Տէր-Սարգիսեանի՝ Հալէպէն եւ Հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքէրեանի՝ Քեսապէն։ ՍՊատարագին ներկայ էր նաեւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր՝ Հայր Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան, ինչպէս նաեւ քոյր համայնքներու հոգեւոր հայրեր, միութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Նախքան ՍՊատարագի սկսիլը, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղցւոյ բակը, ուր տեղի ունեցաւ քօղազերծումը մարմարեայ քարին, որուն վրայ փորագրուած է եկեղեցասէր նուիրատուներու անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են եկեցեցւոյ եւ վանքի վերանորոգման։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Ս. Աստուած շարականի երգեցողութենէն ետք, Գերապայծառ Աշգարեան Ս. միւռոնով օծումը կատարեց հայկական ոճով վերանորգուած Ս.Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Քեսապի Տիրամօր նուիրուած երկու խորաններուն։ Օծման արարողութենէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն Հայր Գարեգին վրդ. Քէօշէրեանի, որ իր հերթին ժողովուրդին փոխանցած իր պատգամին մէջ յիշեց եկեղեցւոյ եւ վանքի վերանորոգման ծրագրի 4 հանգրուանները, խորին շնորհակալութիւն յայտնելով հաւատացեալ հայորդիներուն, իրենց սրտաբուխ մասնակցութեան այս Աւտուածահաճոյ գործին։

Հայր Գարեգին անդրադառնալով եկեղեցւոյ մասին ըսաւ. Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է եւ մեր տունը։ Եկեղեցին Մայր մըն է ինչպէս մայրը կը սիրէ իր զաւակները, հոգ կը տանի անոնց կը թելաթրէ, կուղղէ եւ կը դաստիարակէ Նոյնպէս եկեղեցին, կը սիրէ բոլորը, կուղղէ, կը լուսաբանէ եւ կառաջնորդէ, բայց ոչ մէկուն կը ստիպէ Եկեղեցին կը խնդրէ մեզմէ որ մեր հոգիին աւելի խնամք տանինք, ուստի, ամէն անգամ որ կու գանք այս եկեղցեին, դիտենք այս քարերը եւ փորձենք իւրաքանչիւրս՝ հաւատացեալ աչքերով դիտել որպէսզի մեր հոգին ալ փայլի ու բիւրեղանայ այս քարերուն պէս։ Եւ այն ատեն է որ կիրականացնենք հայաշունչ շարականագիրին խօսքը եւ կը շէնցնենք Լոյսի Ս. Խորանը, ոչ միայն եկեղցւոյ այլ նաեւ մեր հոգիինը։

Եւ վերջապէս Հայր Գարերգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Անոր բարեշնորհ օրհնութիւններուն եւ քաջալերանքին համար։ Շնորհակալական խօսքեր ուղղեց նաեւ Գերպծ Աշգարեանին, Գերյ Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեանին, Գերյ Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեանին իր ներկայութեան եւ մասնակցութեան համար, Գերյ Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Թօփալեանին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն ժողովրդապոտական յանձնախումբի անդամներուն, ճարտարապետ Յակոբ Պէտրճիքեանի, ՀԿՄ Պատանեկանի, Տիկնանցին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աստուածահաճոյ եւ եկեղեցաշէն ծրագրին իրականացման համար։

Յաւարտ Ս.Պատարագի, ՀՄԸՄի շեփորախումբը նուագեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայերգները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.