2008-11-17 13:12:11

Լուրեր հայ աշխարհէն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցը Ստեփանակերտ

Հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրին Lifetime Achievement մրցանակը Քաննի Մէջ


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցը Ստեփանակերտ

14 նոյեմբերին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպում ունեցած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացը եւ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն ստորագրած հռչակագիրը տագնապի լուծման վերաբերեալ։15 նոյեմբերին միջնորդները անցած են Ստեփանակերտ, եւ հանդիպում ունեցած հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ։



Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վաւերագրական ժապաւէն կը սփռուի Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանէն

Ամերիկեան ՓիՊիԷս պատկերասփիւռի կայանը իր Ֆրոնթլայն ծրագիրէն պիտի սփռէ . ՜ ՜ է ֆէմիլի իրէյզտ ՝ ՝ (Բնաջնջուած ընտանիք մը) խորագիրով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վաւերագրական ժապաւէն մը։ Ժապաւէնին բեմադրիչն է Ճորճ Խաչատուրեան։



Հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրին Lifetime Achievement մրցանակը Քաննի Մէջ



Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, իր բոլոր իրագործումներուն համար, Lifetime Achievement մրցանակը պիտի ստանայ յառաջիկայ տարուան Յունուար 18-21ին, Քանի մէջ (Ֆրանսա) կայանալիք միջազգային երաժշտութեան Միտէմ փառատօնին ընթացքին։ Ան այս տարուան վերջաւորութեան արդէն իսկ լուսարձակներու տակ պիտի ըլլայ, երբ հրապարակուի աշխարհահռչակ շարք մը երգիչներու հետ իր կատարած զուգերգներու ալպոմը։ Անոր դուստրը՝ Քաթիան, նաեւ երաժշտախառն թատերգութիւն մը բեմադրած է Փարիզի մէջ՝ հիմնուած Շարլ Ազնաւուրի երգերուն վրայ։

84ամեայ Ազնաւուր հեղինակած է աւելի քան 800 երգեր, որոնք երգուած են աշխարհի մեծագոյն երգիչներուն կողմէ։ Անոր գործերէն աւելի քան 100 միլիոն ալպոմներ ծախուած են աշխարհի տարածքին։ Ան նաեւ դերասանութիւն կատարած է բեմի վրայ եւ աւելի քան 60 շարժապատկերներու մէջ։

 









 








All the contents on this site are copyrighted ©.