2008-11-17 13:04:00

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 

Պաղտատ-Վաշինկթըն Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ՝ Ամերիկեան Զօրախումբերու նահանջը մինչեւ 2011։

Իրաքի նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է երկրին մէջ 150 հազար ամերիկեան ուժերու ապագայ ներկայութիւնը սահմանող ամերիկեան կառավարութեան հետ գոյացած համաձայնութիւնը։

Ըստ սոյն համաձայնութեան, ամերիկեան ուժերը յառաջիկայ տարի փողոցներէն պիտի հեռանան, իսկ Իրաքէն պիտի հեռանան 2011-ի աւարտին։ Համաձայնութիւնը ներկայիս պիտի ներկայացուի խորհրդարան՝ առ ի վաւերացում։ Ըստ Իրաքի Կառավարական բանբեր Ալի Տապպաղի՝ համաձայնութիւնը Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը կը զետեղէ իրաքեան կառավարութեան իշխանութեան տակ։Ամերիկեան ուժերը այս համաձայնութեամբ կը կորսնցնեն նաեւ առանց իրաքցի դատաւորի եւ կառավարութեան արտօնութեան, իրաքեան տուներ խուզարկելու իրենց իրաւասութիւնը։Համաձայնութիւնը խորհրդարանին կողմէ վաւերացուելէ ետք պէտք է նաեւ վաւերացուի՝ նախագահական խորհուրդին կողմէ. ապա միայն Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի հետ կրնայ զայն ստորագրել։



Յովիկ Աբրահամեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի Մոսկուա։



Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա կը մեկնի։ Ազային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը փոխանցէ, որ այս այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ՝ Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Պորիս Կրիզլովի, Դաշնակցային ժողովի խորհուրդի նախագահ Սերկէյ Միրոնովի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ։



Արաթ Տինք Կը քննադատէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարի Հռչակաւոր Արտայատութիւնը՝Յոյներու եւ Հայերու Մասին։



Հրանդ Տինքի զաւակը՝ Արաթ Տինք, թրքական ՝՝Թարաֆ՝՝ օրաթերթին մէջ անցեալ ուրբաթ օր լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ անդրադառնալով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլի վերջերս կատարած յայտարարութեան, կը գրէ, որ ՝՝եթէ յոյներն ու հայերը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Թուրքիոյ մէջ մնային, երկիրը նոյնը պիտի չըլլար, անիկա շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար՝՝։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Պրիւքսելի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ արտասանած իր ճառին ընթացքին հարց տուած էր, որ՝՝ եթէ յոյները շարունակէին Եգէականի մէջ, իսկ հայերը շարունակէին Թուրքիոյ բազմաթիւ վայրերու մէջ ապրիլ, արդեօք այսօրուան ազգ-պետութիւնը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր՝՝։ Յունական լրատու-միջոցները այդ լուրին անդրադարձած էին ՝՝ցեղային մաքրագործման յանցանքի ընդունում՝՝ խորագիրով։ Թրքական քաղաքացիական խմբակներ եւ ազատական լրատու-միջոցներ եւս դատապարտած էին նախարարի այդ յայտարարութիւնը։Արաթ Տինք իր յօդուածին մէջ կը յայտնէ որ Կէօնիւլ պարզապէս իրողութիւն մը նշած էր, բայց եւ այնպէս, իր արտայայտուելու կերպը ցոյց տուաւ, որ ան Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յոյներու ՝՝բացակայութիւնը՝՝ իբրեւ պետութեան կառուցման գործընթացի մէկ ՝՝դրական՝՝ բաժինը կը նկատէ։Պատասխանելով Կէօնիւլի հարցադրումին՝ Արաթ Տինք կը գրէ՝՝ Ո՛չ, երկիրը նոյնը պիտի չըլլար։ Անիկա հոյակապ պիտի ըլլար։ Նոյնիսկ եթէ ոչինչ փոխուէր, առնուազն դուն պաշտպանութեան նախարար պիտի չըլլայիր։ Եւ Եթէ ըլլայիր, քու ըսածիդ մասին նոյնիսկ պիտի չմտածէիր։Եւ Եթէ մտածէիր, պիտի չհամարձակէիր զայն արտայայտել։ Եւ Եթէ արտայայտէիր, երկար ատեն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ պիտի չմնայիր...








All the contents on this site are copyrighted ©.