2008-11-16 15:27:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի 16 նոյեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց ս. Պետրոս հրապարակի վրայ համախմուած հազարաւոր հաւատացեալներու։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ, մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որ կը խօսի քանակներու առակի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. քրիստոնեաները ծառաներ են, որոնք Տէրը` Յիսուս` ժամանակ եւ պատեհութիւն կու տայ պտղաբերելու իր պարգեւները, երկինքի Արքայութեան տարածումին համար։ Վերադարձին Տէրը հաշիւ կը պահանջէ ու կը վճռէ իր ծառաներուն հաւատարմութեան համաձայն եւ այս հաւատարմութիւնը` հաւատքն է։ Հետեւաբար յառեց Նորին Սրբութիւնը մենք կանչուած ենք պահպանելու ու ամրապնդելու մեր հաւատքը։ Վախնալու չենք նման այն ծառային որ Տիրոջմէն ստանալով գանձը գնաց հողը փորփց եւ թաղեց զայն։ Ասիկա կը պատահի, օրինակի համար, անոր որ ստանալէ ետք Մկրտութեան, դոշմի եւ ս. հաղորդութեան խորհուրդները կը թաղէ այդ շնորհքները յանուն նախապաշարումի որ կը ջլատէ հաւատքը ու գործերը եւ յուսախաբ կ`ընէ Տիրոջ ակնկալութիւնները։ Այսօրուան գլխաւոր պատգամը կը հայի պատասխանատուութեան ոգիին որով կ`ընդունիք Աստուծոյ Արքայութիւնը, պատասխանատուութիւն մը հանդէպ Աստուծոյ եւ հանդէպ մարդկութեան։ Ս. Կոյս Մարիամը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը մարմնացնէ վարվելակերպը որով ան ընդունեցաւ մեծագոյն շնորհքը` նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսը եւ զայն ընծայեց աշխարհին անսահման սիրով։ Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրենք ըլլալու հաւատարիմ ու բարի սպասաւորներ, որպէսզի օր մը կարենանք մասնակցիլ Տիրոջ ուրախութեան։

այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ յիշեցուց թէ յառաջիկայ ուրաբաթ օրը, նոյեմբեր 21 փակեալ նուիրեալներու օրն է, գոհութիւն տանք Տիրոջ բոլոր այն այրերուն ու կիներուն որոնք ճգնաւորական կեանքը ընտրեցին ինքզինքնին բոլորովին աղօթքի նուիրելով։ Մեր կարգին անոնց նիւթական կեանքին հասնինք։ Հուսկ նորին սրբութիւնը մարեմեան աղօթքին աւրտին բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.