2008-11-16 15:29:23

Ծիսական ժամանակացոյց - Կիրակի նոյեմբեր 16 Ա. Կիրակի Յիսնակաց


Յիսնակի Ա. կիրակի եւ բարեկենդան Յիսնակին։

Յիսնակաց, Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն, քիչ թէ շատ նոյնիմաստ բառեր են։ Այս երեք բառերը կը յիշեցնեն մեզի Քրիստոսի գալուստը` մարդեղութիւնը։ Յիսնակաց շրջանը նախապատրաստութիւն մըն է Յիսուսի գալստեան, մարդեղութեան։ Ծնունդի շաբաթը, կը յիշատակենք մարմնացած Բանին խորհուրդը։ Յայտնութեան տօնին, Մարդու Որդին կը յայտնուի մեզի իբր Մեսիան։ Յիսնակացի կէտնպատակն է, բարձրացնել մեր աչքերը դէպի ապագան, սպասելով փառաւորեալ Քրիստոսի գալստեան։

Ընթերցում Ս. Ղուկասի Աւետարնէն։

Երբ տեղ մը աղօթք կ՛ընէր եւ աղօթքը վերջացուց, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ անոր Տէր, աղօթել սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէսը սորվեցուցած էր իր աշակերտներուն։ (Յիսուս) ըսաւ անոնց. ՙ ՙ Երբ աղօթքէք՝ ըսէք Հայր մեր, սուրբ թող ըլլայ քու անունդ, թող գայ քու թագաւորութիւնդ։ Տուր մեզի ամէն օր, մեր ամենօրուան հացը։ Ներէ՛ մեզի մեր մեղքերը, որովհետեւ մե՛նք ալ կը ներենք բոլոր անոնց, որոնք պարտական են մեզի։ Եւ մի՛ տանիր մեզ փորձութեան՚ ՚։ Եւ ըսաւ անոնց. Ո՞վ կայ ձեր մէջ այնպիսի մէկը, որ բարեկամ մը ունենալով, անոր քով երթայ կէս գիշերին եւ ըսէ անոր Բարեկամ, երեք հաց տուր ինծի, որովհետեւ բարեկամներէս մէկը եկաւ, որ ճամբորդութեան մէջ է եւ բան չունիմ որ առջեւը դնեմ։ Եւ ան՝ պատասխանէ ներսէն ու ըսէ Մի՛ անհանգստացներ զիս, որովհետեւ փակուած են դռները, անկողնի մէջ եմ ու ինծի հետ զաւակներս, չեմ կրնար ելլել, որ (խնդրածդ) տամ քեզի։

Ըսեմ ձեզի, որ եթէ բարեկամութեան համա՛ր չելլէ եւ չտայ, անոր թախանձանքին վրա՛յ պիտի ելլէ եւ ի՛նչ որ ունի, պիտի տայ անոր։ (Արդ, այս) կըսեմ ձեզի Խնդրեցէք՛ եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Որովհետեւ պիտի ստանա՛ն բոլոր անոնք, որ կը խնդրեն, պիտի գտնէ ան՝ որ կը փնտռէ եւ պիտի բացուի անոր՝ որ կը բախէ։ Ձեզմէ, որ մէկ հայրը, երբ որդին իրմէ ձուկ խնդրէ, ձուկի տեղ օձ պիտի տայ անոր։ Կամ եթէ հաւկիթ ուզելու ըլլայ՝ միթէ կարի՞ճ պիտի տայ անոր։ Արդ, եթէ դուք, որ չար էք, բարի պարգեւներ գիտէք տալ ձեր զաւակներուն, որքա՜ն աւելի բարիքներ պիտի տայ ձեր երկնաւոր հայրը անոնց, որոնք իրմէ կը խնդրեն։

Աւագ օրհնութեան շարականէն։

Բարձրաձայն երգով օրհնենք` բոլոր արարածներէն փառաւորուողը, երկրի մէկ ծայռէն միւս ծայրը երկրպագուողը Կոյսէ մը մարմնացող բանը։

Բարձրաձայն երգով օրհնենք Հօրմէն ծնող Ս. Հոգւոյն փառակիցը, մարդկային ազգին կեանք տուուղ Բանը, երկինք բարձրացող Բանը, որ յարութիւն առաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.