2008-11-16 15:28:52

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

Աֆղանիստան- Թալեպան շարժումի կոչը ԱՄՆի նորընտիր նախագահին։


Աֆղանիստանի Թալեպան շարժումը Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամային կոչ մը ուղղեց՝ հրաժարելու նախագահ Ճորճ Պուշի ռազմատենչ քաղաքականութիւններէն եւ վերականգնելու արտասահմանի մէջ Միացեալ Նահանգներու վարկը։ Տեղեկահաւաքի ՍԱՅԹ կազմակերպութիւնը յայտնեց որ Թալեպան շարժումը յայտարարութեան մը մէջ նշած է որ Աֆղանիստանի գետնին վրայ իրականութիւնները եւ քուէարկութեան ճամբով արտայայտուած Ամերիկայի ժողովուրդին սպասումները կը պահանջեն՝ որ Օպամա հրաժարի Պուշի կողմէ հետապնդուած քաղաքականութիւններէն։ Օպամա՝ որ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց իր ընտրարշաւին ընթացքին խոստացաւ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացման սկսիլ եւ ըմբոստներուն դէմ ճակատելու համար յաւելեալ ուժեր ուղարկել Աֆղանիստան։

100 ՀԱՏՈՐՆՈՑ ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ

Փեքինի մէջ լոյս տեսած է 100 հատորնոց Չինաստանի մեծ հանրագիտարանի առաջին մասը։ Աննախադէպ ծաւալով այս համայնագիտարանին վրայ աշխատանքը սկսած է 1992 ին եւ այժմ Փեքինի մէջ հրատարակուած են առաջին 49 հատորները. որոնք աւելի քան քսան հազար հնագոյն գիրքերու եւ հնադարեան ստեղծագործութիւններու հիման վրայ կը պատմեն չինական քաղաքակրթութեան բոլոր շրջաններուն մասին՝ սկսած խոր հնադարէն մինչեւ 20-րդ դարի սկիզբը։ Հնադարի եւ միջնադարի հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն զատ, որոնք հրատարակութեան հիմքն են, հանրագիտարանը կուղեկցի արդի դարաշրջանի չինացի գիտնականներու բազմաթիւ յօդուածներով։ Չինաստանի կառավարութիւնը հանրագիտարանի պատրաստութեան համար տրամադրած է 55 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Այս վիթխարի հրատարակութեան յաջորդ 51 հատորներուն լոյս ընծայումը նախատեսուած է մինչեւ 2010 թուականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.