2008-11-15 13:29:36

Շաբաթ նոյեմբեր 15 Թ շաբաթ զկնի Խաչի


Տօնն է Անդրիաս ու Փիլիպպոս առաքեալներու։

Անդրիաս առաքեալը ս. Պետրոսի կրտսեր եղբայրն է, նախապէս աշակերտած է Յովհաննէս Մկրտիչին։ Յիսուսին առաջին ծանօթ հետեւողը եղած ըլլալուն համար կոչուած է նախակոչ։ Ըստ աւանդութեան, եղած է քարոզիչ սկիւտացիներուն եւ հիւսիսային Յունաստանի բնակիչներու։Նահատակուած`Բաթրաս քաղաքը, բազմապատկութեան նշանին նման խաչի մը վրայ։ Այդ իսկ պատճառաւ կը կոչուի ս.Անդրիասի խաչ։ Սկովտիոյ եկեղեցին եւ յոյներու տիեզերական պատրիարքութիւնը զայն կը նկատեն իրենց պաշտպան սուրբը։

Փիլիպպոս առաքեալ, առաջին կանչուառառաքեալներէն մէկը։ Հաւանաբար ինքն ալ աշակերտած է Յովհաննէս Մկրտիչին եւ ապա հետեւեցաւ Յիսուսի։ Փիլիպպոս շատ անգամներ յիշուած է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, ինչ ինչ միջադէպերու կապակցութեամբ, առհասարակ Անդրիասի հետ միասնաբար։ Աւանդութիւնը կ՛ըսէ որ քարոզած է Փոքր Ասիա եւ նահատակուած խաչելութեամբ Հերեպոլիս քաղաքը։



Համօրէն առաքելոց Շարականէն։

Աշխարակիր Բանին բազուկներով, հաստատուած ս. Սիոնի հիմեր, անսասան լեռներ, ծաղկածին հովիտներ, հաւատքի հարազատ վեմեր` ս. Անդրիաս եւ Փիլիպպոս բարեխօս եղէք Տիրոջ մօտ` մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.