2008-11-15 13:28:12

OEUVRE DORIENT կազմակերպութեան նախագահը Պէյրութի Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ դպրոցին մէջ


 

Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2008-ին Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրաոյն վարժարան այցելեցին Ֆրանսայի Oeuvre DOrient կազմակերպութեան նախագահ Գերապայծառ Հայր Ֆիլիփ Պրիզարը, որուն կ`ընկերանային Պր. Փաթրիք Լիպանը եւ Տիկ. Էվա Պարթոլին ծրագիրներու պատասխանատուն։ Հանդիպման ներկայ էր Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեան։

Հիւրերը դիմաւորեց վարժարանի տնօրէնը Պր. Կրէկուար Գալուստ։ Անոնք երկար զրոյց մը ունեցան տնօրէնին գրասենեակին մէջ, ուրկէ այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի վարժարանի տարբեր բաժինները։ Աշակերտները երգով մը ողջունեցին մեծարգոյ հիւրերը։

Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Մանկապարտէզ, ուրկէ ուղղուեցան դէպի վարժարանի սիրտը, ուր վեր կը խոյանայ Ս. Մեսրոպին նուիրուած յուշակոթողը։ Այս յուշակոթողին առջեւ ալ, ինչպէս աւանդութիւն արդէն դարձած է, հիւրերը յիշատակի համար լուսանկարուեցան։ Մեկնումէն առաջ Գերապայծառ Հայր Ֆիլիփ Պրիզարը խօսքը ուղղելով տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի ըսաւ. Կը շնորհաւորեմ բոլորդ, հսկայ աշխատանք տեսայ շրջագայելով դպրոցին մէջ։ Շատ մեծ ու լաւ տպաւորութիւններ ստացայ այս վարժարանէն։ Լաւ աշխատած էք եւ կ`աշխատիք։ Պիտի մաղթեմ, որ այսպէս շարունակէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.