2008-11-14 13:19:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահաղանապետին ճառը Սան Մարինոյի նոր դեսպան տիար Sante Canducci-ին


Սան Մարինոյի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը ընդունելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդգծեց առողջ աշխարականութեան հարկաւորութիւնը պետութեան կողմէ, աւանդութեան ու բարոյական արժէքներու յարգանքով. չընթանալու համար կոյր եւ անել ուղիի մը վրայ։ Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Եկեղեցին կ`ուզէ երաշխաւորել մարդու արժանաւորութիւնը։ Առողջ աշխարհականութիւնը հարկաւոր է կերտելու ընկերութիւն մը ուր զանազան աւանդութիւնները, մշակոյթներն ու կրօնները կը համակենակցին խաղաղօրէն, յայտարարեց Սրբազան Հայրը նոր դեսպանին։ Եկեղեցւոյ միջամտութիւնը հրապարակային կեանքին մէջ ունի որպէս նպատակ երաշխաւորել անհատին անբռնաբանելի արժանաւորութիւնը ու ընկերութեան բարիքը։

Սան Մարինոյի հանրապետութիւնը Եւրոպայի ամենէն հին պետութիւնն է, հիմնուած 4-րդ դարուն։ 1988էն ասդին անդամ է Եւրոպայի խորհուրդին։ 1992ին յարած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։ Այս հանրապետութիւնը, որ կը հաշուէ 30.000 բնակիչ, դիւանագիտական ու հիւպատոսական կապեր հաստատած է աւելի քան 70 պետութիւններու հետ, ներառեալ Ս. Աթոռը։



Ս.Աթոռը եւ Պրազիլը համաձայնագիր մը ստորագրած են Պրազիլի Եկեղեցւոյ իրաւական վիճակի մասին



Պրազիլի նախագահ Լուլայի Վատիկան այցելութեան առիթով, նոյեմբեր 13, համաձայնագիր մը ստորագրուած է Պրազիլի եւ Ս. Աթոռի միջեւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւական Եկեղեցւոյ իրավիճակի մասին, հաղորդագրած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, մատնանշելով թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը եւ Պրազիլի նախագահ Լուլան շ0շափեցին Պրազիլի ընկերային քաղաքականութիւնը եւ ընտանիքի դերը բռնութեան դէմ պայքարին, նիւթերը։

Ս.Աթոռի եւ Պրազիլի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը կը ներփակէ 20 հատուածներ հայող Պրազիլի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական վիճակին,նաեւ ուսմանց վկայականներու ճանաչումը, կրօնական ուսուսցումը հանրային դպրոցներու մէջ, եկեղեցական ամուսնութիւնը եւ հարկային կարգավիճակը նիւթերու մասին

Վերոյիշեալ համաձայնագիրը ստորագրուած է երկու պետութիւններու արտգործ նախարարներու կողմէ։



Իսկ այս առաւօտ` ուրբաթ 14 նոյեմբեր 2008-ին , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Giovanni Battista Re կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին

Կարտինալ Ivan Dias կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին

Եւ գերապայծառ George Panikulam առաքելական դեսպանը Եւդոպիայի








All the contents on this site are copyrighted ©.