2008-11-14 13:20:35

Հայկական Երաժշտութիւն

Հայկական երաժշտութեան վարպետները' Տիգրան Չուխաճեան


Ծնած է Կ.Պոլիս 1837-ին եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն դպրոցներուն մէջ։ Միեւնոյն ատեն ցուցաբերած է արտակարգ ձիրքեր երաժշտութեան հանդէպ, որու պատճառաւ` իր ուսուցիչներէն մին` Գ. Երանեան, յատուկ խնամք տարած է իրեն եւ ծանօթացուցած իտալացի մանկավարժ Մանձոնիին, որ այն շրջանին Պոլիս կը բնակէր։ Անոր քաջալերանքին վրայ` Տիգրան կը մեկնի 1861-ին Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը, ուր կը կատարելագործէ երաժշտական իր ուսմունքները եւ կը ծանօթանայ իտալացի մեծ վարպետներուն` որոնց մէջ` Ճուզեփփէ Վերտիի։

Մինչ այդ` Պոլսոյ հայ գաղութը կը հանդիսանար կեդրոնը հայ մշակութային զարթօնքին ու վերածնունդին. Ամէն կողմէ հոն կը փութային Եւրոպայէն զանազան արուեստի խումբեր, որոնք սկսան ներկայացնել թատրոններ եւ Օփերաներ, խանդավառութիւն յառաջացնելով երիտասարդ հայերու մօտ։ Շատեր կ՛երազէին օրին մէկը հայերէն լեզուով եւ հայկական նիւթի մը շուրջ Օփէրա շարադրել. Այդ մեծ պատուին արժանացաւ Տիգրան Չուխաճեան, շնորհիւ իր հանճարին եւ Իտալիոյ մէջ ստացած գիտութեան։

1863-ին` ան կը վերադառնայ Կ.Պոլիս եւ կը սկսի աշխատակցիլ Արեւելեան Թատրոնին. Կը սկսի համերգներ ղեկավարել եւ մանաւանդ, երաժշտութիւն յօրինել հայկական թատրոններու համար. Անոնց մէջ են Պետրոս Դուրեանի Վարդ եւ Շուշանը, Տիգրան Գալեմճեանի Արա Գեղեցիկը, Թովմաս Թերզեանի Սանդուխտը, Թղլեանի Մեծն Տրդատ եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը, եւայլն…։

Նշանաւոր է իր գրած երաժշտութիւնը Սետեֆճեանի Վարդան Մամիկոնեան, փրկիչ Հայրենեաց թատերգութեան համար, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, ազգային շունչով գրուած ըլլալուն համար։ Այս կտորը գրուած էր մասնաւորապէս Միքայէլ Նալպանտեանի մահուան առթիւ։

Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ` Տիգրան Չուխաճեան արտադրեց Արշակ Բ. օփերան, որուն Լիպրէթթոն յօրինած է Թովմաս Թերզեան գրագէտը։ Նիւթը առնուած է 4-րդ դարու հայ թագաւորական կեանքէն, մանաւանդ Արշակ Թագաւորի եղերական մահուան դրուագէն ներշնչուած։

Այս օփերայի միայն նախերգանքը կարելի եղաւ լսելի ընել Պոլսահայ ժողովուրդին, որովհետեւ Սուլթանի հրահանգով արգիլուեցաւ հայ ազգային շունչ կրող նուագներ, թատրոններ կամ օփերաներ ներկայացնել։ Օսմանեան կառավարութիւնը փակեց նաեւ Արեւելեան Թատրոնը, որ վերաբացուեցաւ միայն երեք տարի վերջ, թոյլատրելով ներկայացումը լոկ կատակերգութիւններու եւ զաւեշտներու։

Չուխաճեան չյուսահատեցաւ եւ սկսաւ արտադրել նոր օփերաներ այս ուղղութեամբ. Առաջինն էր Արիֆի խարդախութիւնը, 1872-ին յօրինուած, որուն յաջորդեց Քէօսէ Քեհեայ, 1874-ին, յանգելու համար ի վերջոյ իր գլուխ գործոցին` Լեպլեպիճի Հօրհօր աղա –յին 1876-ին։ Այս վերջինը բեմադրուեցաւ ոչ միայն Պոլսոյ մէջ, բազմաթիւ անգամներ, այլ նաեւ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, ապա` Եգիպտոսի մէջ, Անդրկովկասի, Յունաստանի եւ արեւմտեան ուրիշ երկիրներու մէջ, ամենուրեք մեծ յաջողութիւն գտնելով։

Չուխաճեան կը մեռնի Զմիւռնիոյ մէջ 1898-ին, մեծ անուն ձգելով հայ երաժշտական ու արուեստագիտական աշխարհին մէջ։ Ան առաջին հեղինակն է հայկական օփերայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.