2008-11-14 13:20:54

Ծիսական ժամանակացոյցը

Ուրբաթ նոյեմբեր 14 Թ շաբաթ զկնի Խաչի


Ընթերցում Ս. Ղուկասի Աւետարանէն։

ԼՈՒՍՆՈՏ ՄԱՆՈՒԿԸ

Յաջորդ օրը, մինչ այդ լեռնէն կիջնէին, ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը դիմաւորեց զինք։ Եւ ահա, այդ բազմութեան մէջէն, մարդ մը պոռալու սկսաւ եւ ըսաւ Վարդապետ, կաղաչեմ, իմ այս որդիիս նայէ, որովհետեւ միակ զաւակս է։ Ահա, չար ոգիէն կը բռնուի, յանկարծ պոռալու կը սկսի, ետին կը զարնէ զինք, ինքնիր վրայ կը թաւալի, փրփուրներ դուրս կու տայ եւ զինք խորտակելէ ե՛տք (միայն) հազիւ կը հեռանայ անկէ։ Աղաչեցի աշակերտներուդ, որ հանեն զինք, բայց չկրցան։ Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ Ո՜վ անհաւատ եւ թիւր սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ դեռ, (մինչեւ ե՞րբ) մտիկ պիտի ընեմ ձեզի, հո՛ս բեր որդիդ։ Մինչ կը մօտենար, դեւը ետին զարկաւ զինք, ու ցնցեց։ Յիսուս սաստեց պիղծ ոգիին, բժշկեց տղան եւ իր հօր յանձնեց։(Այդ տեսնելով)՝ բոլորն ալ զարմացա՛ծ էին Աստուծոյ մեծագործութիւններուն վրայ։

Աւետարանի մեկնաբանութիւն – Յիսուսին յանդիմանութիւնը ուղղուած է ժողովուրդին, սակայն կը դպչի նաեւ աշակերտներուն, որոնք ընդունած էին իշխանութիւն դեւեր արտաքսելու եւ հիւանդները բուժելու։ Իշխանութիւնը կը գործէ երբ յարատեւօրէն խնդրուած է հաւատքի հոգիով։ Եթէ աշակերտները իշխանութեան չեն միացներ աղօթքի ու ծոմապահութեան հոգին, կը մնան անհաւատ եւ մոլորած սերունդին մէջ, անկարող՝ հաւատքի զօրութիւնը ցոյց տալու։ Չարին, մեղքին եւ մոլութեան դիմաց, միայն սրբութիւնը կեանքի, հաստատուած հաւատքի վրայ` անայպանելի է եւ լիազօր։



Պահոց Շարականէն

Քեզի դէմ մեղանչեցինք, Տէր, ներէ մեզի։ Օրէնքիդ դէմ գործեցինք, չպահեցինք պատուիրաններդ, բարկութենէդ ետ կեցիր, Տէր, եւ, հեռացուր մեզմէ` քու ցասումդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.