2008-11-13 14:31:11

Հինգշաբթի նոյեմբեր 13 Թ շաբաթ զկնի Խաչին

Տօնն է Գուրիաս ու Սամսոնա քահանաներու, Աբիբաս սարկաւագի, Ռումանոս մենակեացի, Մանուկ Բարուլա խոստովանողի եւ Հիւսքոս զինւորի։


 Գուրիաս,Սամսոնա եւ Աբիբաս – Երեքն ալ եդեսացի քրիստոնեաներ, ազգով Ասորի։ Գուրիաս եւ Սամսոնա քահանաներ էին, Դիկեղտիանոսի հալածանքներուն, Անտիոքոս դուքսը զիրենք բանտարկեց ու բռնադատեց ուրանալ իրենց հաւատքը ու երբ անոնք չհամակերպեցան, իրենց ձեռքերէն կախուեցան երկար ժամեր, եւ յետոյ մէկ ոտքէն, որմէ ետք խոր վիրապին մէջ, երեք օր, անօթի ծարաւ պահուեցան։ Հուսկ գիշեր ատեն երկուքը լեռ տարուեցան ու հոն գլխատուեցան, Դ դարուն սկիզբը։ Ժամանակ մը վերջ ձերբակալուեցաւ Աբիբաս սարկաւագը` ուսուցիչ եւ քրիստոնէութիւնը քաջալերողի ամբաստանութեամբ։ Կայսրը հրամայեց որ ան կրակի մէջ այրի, երբ չգտան զինքը, իր ազգականները բանտարկեցին, այն ատեն Աբիբաս յայտնեց ինքզինքը` խիստ չարչարանքներէ յետոյ, այրեցին զինք կրակին մէջ։

Մարտիրոսաց Շարականէն – Ով Քրիստոս, այսօր երկնային զօրքերուն հետ երգեակցելով կը տօնենք արիական մահը քու սուրբերուդ, որոնք կռուեցան թշնամիին բռնութեան դէմ։

Մարմնին մէջ անմարմին երեւեցան, սուրի եւ կրակի տանքջանքներէն վեր, եւ իրենց պատուական մահը ընծայեցին քեզի, Քրիստոս իբրեւ բանաւոր պատարագ։

Զանազան տանջանքներու մէջէն անցնելով, ճգնութեամբ վանեցին թշնամիին պատերազմը եւ փոխադրուեցան վերին զուարթունքի զօրքերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.