2008-11-13 14:30:47

Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայկական կիրակնօրեայ դպրոց Քրասնոտարի մէջ ։


 Վերջերս Ռուսիոյ Քրասնոտար նահանգին մէջ կատարուեցաւ հայկական կիրակնօրեայ վարժարանի մը բացումը՝ հիմնադրուած Քուպանի Սլաւոնեան հայկական մշակոյթի ընկերակցութեան կողմէ։ Դպրոցին հիմնադիրները անհրաժեշտ դասագիրքերը ապահովելու եւ ուսումնական ծրագիրներ կազմելու գործին մէջ կակնկալեն Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան օժանդակութիւնը։ Հարկ է նշել, թէ Սլաւեանսքի մէջ կը գործեն Անի պարախումբը, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդական զանազան կազմակերպութիւններ։



Հայկական մշակոյթի փառատօն Սոչիի մէջ

Ռուսիոյ Քրասնոտար երկրամասի Պարանովքա գիւղին մէջ սկսած է ցուցադրուիլ հայկական արուեստի Հայաստանի քնար երրորդ փառատօնը, որ կը նպատակադրէ հայկական ժողովրդական արուեստի պահպանումն ու անոր ծանօթացումը օտարներուն։ Իբրեւ փառատօնի կազմակերպիչներ՝ հանդէս եկած են Խոսթենաքի շրջանի ղեկավարութիւնը եւ նոյն շրջանի Կեդրոնացուած ակմբային համակարգը։

Միջոցառման մասնակցած են ինքնագործ գեղարուեստական խումբեր եւ առանձին կատարողներ, որոնք ներկայացուցած են հայկական արուեստի տարբեր սեռեր։Փառատօնին տեղի ունեցած է նաեւ հայ ժողովուրդի կիրառական արուեստի եւ կենցաղային իրերու ցուցահանդէս։ Հայաստանի քնարը , կը յայտնեն փառատօնին կազմակերպիչները,պիտի օժանդակէ բացայայտելու ժողովրդական արուեստի ինքնուս տաղանդները եւ ուշադրութիւն դարձնելու ազգային ինքնագործ արուեստի զարգացման վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ամրացնելու Կովկասի մէջ բնակող ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնն ու փոխըմբռնումը։ Կենթադրուի, որ փառատօնը հետաքրքրութիւն յառաջացնէ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու եւ բոլոր անոնց մօտ, որոնք կուզեն ծանօթանալ հայ ժողովուրդի մշակոյթին։



Հայ աւետարանական համայնքի Հայաստանի ներկայացուցիչի հանդիպումը ԱՄՆ ի մէջ հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ



Հայ աւետարանական համայնքի համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի ներկայացուցիչ վեր. Ռընէ Լեւոնեան վերջերս այցելախ է ԱՄՆ ի Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցած թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ փոխադարձ ծանօթացման, նաեւ՝ հոգեւոր ծառայութեան մասին տեղեկութիւններու փոխանակման։ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայացուց առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող եկեղեցիներուն, վարժարաններուն ու միաւորներուն տարած սերնդակերտ աշխատանքը։ Իր կարգին,

Վեր. Ռ. Լեւոնեան, մանրամասնութիւններ տուաւ Հայաստանի մէջ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերահաստատման ու հոգեւոր ծառայութեան տարածման մասին։ Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։








All the contents on this site are copyrighted ©.