2008-11-13 14:32:17

Արամ Ա կաթողիկոսի հանդիպումը Շնուտա Գ պատրիարքին հետ։


Երեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2008-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա միօրեայ այցելութիւն կատարեց Եգիպտոս եւ հանդիպում ունեցաւ Շնուտա Գ պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարք մը հարցեր։ Երկու կրօնապետերը սոյն հանդիպումին ընթացքին, միացեալ կոչ մը հրապարակեցին իրենց ցաւը յայտնելով վերջերս Երուսաղէմի մէջ հայերու եւ յոյներու միջեւ պատահած ցաւալի անցուդարձերուն վերաբերեալ։ Անոնք շեշտեցին Երուսաղէմի մէջ սրբավայրերու առնչութեամբ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ պատմական իրաւունքներուն յարգումը, ինչպէս նաեւ զգայնութիւններն ու թիւրիմացութիւնները փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը։ Նոյն կոչին մէջ նաեւ շեշտուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը։ Յիշեալ կոչին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ասորի եկեղեցւոյ պետ Զագգա Ա պատրիարք։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան եւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր սինոտի ատենապետ Պիշոյ մետրոպոլիտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.