2008-11-13 14:17:23

՝Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա այլ ռազմավարութիւն պիտի որդեգրէ Աֆղանիստանի նկատմամբ(կը գրեն միջին-արեւելքի թերթերը) արդարեւ, ան այս հարցին պիտի մօտենայ աւելի լայն պրիսմակէ եւ շրջանային իրադարձութիւններու մակարդակով՝ Իրանի պարագան եւս ներառելով ընդհանուր պատկերին մէջ։

Սուրիական-Իրաքեան սահմանին վրայ գտնուող Պուքամալ շրջանին վրայ կատարուած ամերիկեան յարձակումէն շուրջ երկու շաբաթ ետք, Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը անակնկալ այցելութեամբ մը Դամասկոս գացած է։ Սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումին աւարտին ան յայտարարած, որ ՝՝Իրաք ոչ մէկ ձեւով մեկնակէտ պիտի ըլլայ դրացի երկիրներուն վրայ թշնամական արարքներու ու յարձակումներու՝ինչ որ ալ ըլլան պայմանները՝՝։

Կիպրոսի Խորհրդարանի Հայազգի Նախագահը Կ՝այցելէ Երեւան։

Մարիոս Կարոյեանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Յունաստանի եւ Կիպրոսի մօտ ՀՀ դեսպան պրն Վահրամ Կաժոյեանը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ պրն Վարդգէս Մահտէսեանը, եւ տոքթ Անդրանիկ Աշճեանը (որպէս թարգմանիչ) ։ Նոյեմբեր 12ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ելոյթ ունենալէ ետք, Կիպրոսի հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մարիոս Կարոյեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած են ԱԺի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ

Հայաստանը մասնակցեցաւ Եւրոպայի կրթութեան Նախարարներու խորհրդաժողովին Գերմանիոյ Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ ։

Նոյեմբեր 5-7-ը տեղի ունեցաւ Եւրոպայի կրթութեան Նախարարներու Գաաթաժողովը ՝՝Յիշողութեան ուսուցումը յանուն ազատութիւններու եւ օրէնքի իշխանութեան Եւրոպայի մէջ՝՝ խորագրով։ Եւրոխորհուրդի ծիրէն ներս այս ժողովին կը մասնակցէին պատուիրակութիւններ՝ Եւրոպայի 49 երկիրներէն։ Ինչպէս որ կը տեղեկանանք՝ ՀՀ Կրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորուէր ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարար Սպարտակ Սէյրանեանի կողմէ։



Ըստ Փիթըր Կապրիէլի՝Թուրքիան Պէտք է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Աշխարհահռչակ երաժիշտներ Ճիւան Գասպարեան եւ Փիթըր Կապրիէլ այցելեցին Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը, ուր ծաղկեպսակ տեղադրեցին՝ յարգելով մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը։Փիթըր Կապրիէլ Արմէնփրէսի թղթակիցին յայտնած, թէ ինք տեղեակ է 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին։Կարեւոր է ու ժամանակն է, որ Թուրքիան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ու Անգլիան ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝՝ ընդգծած աշխարհահռչակ երաժիշտը։

Եւրոպայի հայ Դատի Յանձնախումբի Հաղորդագրութիւնը Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի արտայատութիւններու կապակցութեամբ։

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 12 նոյեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կ՝անդրադառնայ Պրիւքսէլի Թրքական դեսպանատան մէջ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի արտասանած այն ճառին, որուն մէջ թուրք նախարարը շեշտելէ ետք անցեալ դարուն Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնակչութեան փոխանակման կարեւորութիւնը,հարց տուած էր թէ ՝՝ եթէ յոյները շարունակէին Եգէականի մէջ եւ հայերը շարունակէին Թուրքիոյ բազմաթիւ վայրերուն մէջ ապրիլ,արդեօք այսօրուայ ազգ-պետութիւնը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր.....՝՝։ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Լորան Լէյլէքեան յայտնած որ ՝՝ նախարարի այս յայտարարութիւնը ցոյց կուտայ թէ Թուրքիա որքանով ինքզինք թրքական եւ իսլամական ակումբ մը կը նկատէ. այս այլամերժութիւնը ոչ միայն Եւորպական մտածելակերպ մը չէ,այլ նաեւ բացայայտ կերպով հակաեւրոպական է։ Ըսենք նաեւ որ Թուրքիոյ մէջ եւս մէկէ աւելի մտաւորականներ ու լրագրողներ (ինչպէս Հասան Ճէմալ,ինչպէս Ճէնկիզ Չանտար) այս խօսքերու կապակցութեամբ արտայայտած են իրենց հակադրութիւնը Նախարարին ՝՝հրաժարելու՝՝ կոչ ուղղելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.