2008-11-12 13:54:27

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. ՙ ՙ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը` սպասումը, Ս. Պօղոս առաքեալի քարոզութեան մէջ՚ ՚նիւթին մասին :


Չորեքշաբթի նոյեմբեր 12, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 20.000 ուխտաւորներու, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Ս. Պօղոս առաքեալի մասին, այսօր Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ՙ ՙՔրիստոսի երկրորդ գալուստը` սպասումը Պօպոս առաքեալի քարոզութեան մէջ՚ ՚ նիւթին մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այս առաւօտ, կը հրաւիրեմ ձեզ խորհրդածելու ներկայ ժամանակի մասին, որ իր լրումը գտաւ Քրիստոսի մարդեղութեամբ ու զատկական դէպքով, եւ ապագայի մասին, որ մեզի կը սպասէ վերջնական հանդիպումին, երբ Քրիստոսի Արքայութիւնը պիտի յանձնէ Հօր Աստուծոյ։ Պօղոս առաքեալի Սպասումի կամ Քրիստոսի երկրորդ գալստեան ուսուցումէն կարող ենք կարգ մը կէտեր քաղել։ Նախ` Առաքեալը կը հաստատէ թէ Քրիստոս ներկայ է արարչագործութենէն առաջ` Ան անդրանիկն է բոլոր անոնց որոնք յարութիւն պիտի առնեն մեռելներէն։ Եւ մենք կը սպասենք յաւիտենական բնակութիւն մը եւ կը յուսանք վերահագնիլ երկնային մարմին մը։ Ներկայ ժամանակներուն, սպասումի մէջ ենք ներկայանալու Տիրոջ առջեւ՝ ընդունելու վարձքը։ Երկինքը կը մնայ մեր ճշմարիտ ու վերջնական հայրենիքը։ Անդենականութեան հայող ուսուցումին մէջ, Պօղոս առաքեալը կ`ընգծէ նաեւ տիեզերականութիւնը հաւատքի կանչին, որ միատեղ կը հաւաքէ հրեաներն ու հեթանոսները, որպէս նշան եւ կանխումը ապագայի իրադրութեան։ Համառօտ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կարող ենք հաստատել թէ Պօղոս առաքեալի մտահոգութիւնն էր աւետել թէ մեր փրկութիւնը կախեալ է զատկական դէպքէն ու անդենական ապագայէն։ Այս երկու երեւոյթները, համադրեց, Հռոմէացիներու ուղղած թուղթին հետեւեալ արտայայտութեամբ. փրկուած ենք սակայն յոյսով։ Երկինքը կը մնայ մեր ճշմարիտ հայրենիքը։ Արդարեւ, յարեց Սրբազան Պապը, մեր յոյսը կը հիմնուի ոչ թէ ցնորքի մը վրայ, այլ կեանքի նորութեան վրայ, որ իրական է եւ աճումի մէջ է։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները Պօղոս առաքեալի հետ գոչել Maranà thà ! Տէր Յիսուս ե՛կուր!
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան քահանայապետը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ անոնք վերանորոգ գիտակցութեամբ մը գիտակցին թէ քրիստոնէական հաւատքը մեզի համար եւս յոյս մըն է որ կը բարեփոխէ մեր կեանքը եւ իմաստ կու տայ անոր։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք որ հաւատարիմ մնան Աւետարանին։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանել Տէրունական աղօթքը` Հայր մերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.