2008-11-12 13:56:17

Ծիսական ժանանակացոյց -Չորեքշաբթի նոյեմբեր 12 Թ շաբաթ զկնի Խաչին


 Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը Ղուկասի համաձայն

Հինգ հացի եւ երկու ձուկերու բազմացումը։

Երբ արդէն իրիկնանալու սկսած էր օրը, իրեն եկան տասներկուքը եւ ըսին Ճամբէ՛ սա ժողովուրդը, որ շրջակայ գիւղերն ու ագարակները երթալով հանգստանան եւ կերակուր գտնեն, որովհետեւ անապատի մէջ կը գտնուինք հոս։ Յիսուս ըսաւ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Իսկ անոնք ըսին Մենք աւելի բան չունինք, բայց միայն հինգ հաց եւ երկու ձուկ, բացի այն պարագայէն, որ երթանք, գնենք այնչափ, որ այսքան ժողովուրդ կերակրելու համար բաւական ըլլայ, որովհետեւ հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին անոնք։ (Անոր վրայ) աշակերտներուն ըսաւ Խումբ-խումբ, յիսուն-յիսուն նստեցուցէք զանոնք։Այդպէս ըրին, ու բոլորը նստեցուցին։ (Ապա) հինգ հացն ու երկու ձուկերը առնելով՝ երկինք նայեցաւ, օրհնեց, կտորներու բաժնեց եւ սկսաւ աշակերտներուն տալ, որ ժողովուրդին բաժնեն։ Կերան, ամէնքը կշտացան եւ տասներկու սակառ կտորուանք հաւաքեցին։

Աւետարանին մեկնաբանութիւնը – Հացերու բազմացումը, այնպէս ինչպէս ուզուած է Յիսուսի կողմէ եւ հաստատուած հնագոյն աւանդութեան համաձայն, խորհրդանշանն է ու պատկերը այն միւս կեանքի հացին, զոր Յիսուս պիտի տայ իր Եկեղեցւոյ` Գոհութեան խորհուրդը։ Մինչ Մատթէոս եւ Մարկոս աւետարանիչները հացերու երկու բազմացում կը յիշեն, Ղուկաս եւ Յովհաննէս աւետարանիչները կը յիշեն մէկ հատը. 12 սակառները կը խորհրդանշեն Իսրայէլի 12 ցեղերը։



Ս. Աստուածածնայ Շարակնէն – Քու առջեւ կ`իյնանք, ով Աստուածածին, եւ կ`աղաչենք քեզ, Անարատ Կոյս, բարեխօսէ մեր անձերուն համար։

Աղաչէ քու Միածին Որդիիդ. որ ազատէ մեզ փորձութիւններէն ու մեզի սպառնացող բոլոր վտանգներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.