2008-11-12 14:05:59

Լուրեր հայրենի կեանքէն Հայաստան չի կրնար հանդուրժել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում։ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի ուղեցոյցի լոյս ընծայումը

Հայաստանի պաշտօնեաները չեն արտայայտուած եւ երբեք պիտի չարտայայտուին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի գործընթացը դադրեցնելու օգտին այսպէս յայտնած է Հ Հ Արտաքին գործոց նախարար՝ Եդուարդ Նալպանտեան աւելցնելով նաեւ թէ Հայաստան չի կրնար հանդուրժել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում։

Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի ուղեցոյցի լոյս ընծայումը

Հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղեցոյցը մօտ ապագային հանրութեան պիտի ներկայացուի ։ Նաեւ յառաջիկային տուն-թանգարանը պիտի վերահրատարակէ Թումանեանի ստեղծած անհատական խաղերէն մէկը՝ Հայաստան առասպելի լոթոն, որ անցեալ տարի հրատարակուած եւ շատ շուտ սպառած էր։ Մէկ ամիսէն պիտի հրատարակուի նաեւ Հայոց գետեր խաղը, որ պատմական Հայաստանի գետերու մասին գիտելիք փոխանցող խաղ մըն է։ Այս տարի կը նախատեսուի կազմակերպել երկու հանդիսութիւն, առաջինը դեկտեմբերի սկիզբը՝ պիտի կազմակերպէ Սիամանթօ եւ Յ. Թումանեան գրական սալոնը։ Ընտրուած է Սիամանթօ, որովհետեւ այս տարի Սիամանթոյի 130-ամեակն է, բայց այդ՝ երկու գրողները միշտ հանդիպած են Թիֆլիսի մէջ եւ եղած են լաւ ընկերներ։ Իսկ երկրորդ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ տարեվերջին եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Չարի վերջ հեքիաթի 100-ամեակին։

Հայաստան չի կրնար հանդուրժել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում։

All the contents on this site are copyrighted ©.