2008-11-11 14:04:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նեցուկ կը կանգնի Պոլիվիայի եպիսկոպոսներու քաղաքական ներգործութեան։


Պոլիվիայի եպիսկոպոսական դասը ընդունելով, հինգամեայ այցելութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց եպիսկոպոսներու մղած քաղաքականութեան, քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց աշխատանքը ի նպաստ երկրի հաշտութեան ու խաղաղութեան, մինչ Պոլիվիան կը տուայտի քաղաքական լարուածութեան մէջ երկրի նախագահի ու ընդդիմութեան հակամարտութեան պատճառաւ։ Նորին սրբութիւնը հրաւիրեց եպիսկոպոսները պոլիվիացիներու մօտ արծածելու յոյսը, ամրապնդելու հաւատքը, քարոզելու միութիւնը։ Արդարեւ` Պոլիվիայի եպիսկոպոսները յաճախ միջամտած են հանդարտեցնելու երկրին քաղաքական կացութիւնը։ Անցեալ սեպտեմբերին երկիրը փրկեցին քաղաքացիական պատերազմէն։

Պոլիվիայի եկեղեցւոյ գահերէցը կարտինալ Julio Terrazas Sandoval` առաջնորդը Սանդա Գրուս թեմին, Սրբազան Քահայանապետին առջեւ վերակոչեց երկրին ապրած յեղաշրջումը, ընդգծելով թէ կառավարութեան որդեգրած կարգադրութիւնները բաւարար չեն կերտելու արդար Պոլիվիա մը։ Ան ընդգծեց։ վերջերս կազմակերպուած ատելութեան ու ցեղապաշտ բազմաթիւ ցոյցերը տկարացուցին երկիրն իշխանութիւնը։

Պոլիվիայի եկեղեցւոյ ներկայացող հովուական մարտահրաւէրներուն մասին անդրադառնալով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քաջալերեց. ժողովրդական բարեպաշտութիւնը, կանոնաւոր կրօնուսուցումը, քահանայութեան պատրաստւող թեկնածուներուն ջամբել մարդկային, կրօնական ու մտաւորական ամուր կազմաւորում։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ մերձաւորին սէրը ու անշահախնդիր ծառայութիւնը եղբայրներուն, շատ կարեւոր տեղ մը պէտք է գրաւէ Պոլիվիայի հովուական ներգործութեան մէջ։ Նշենք թէ Պոլիվիայի բնակչութեան 95 տոկոսը կաթողիկէ է։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւնը Իտալիոյ դեսպանատան Ս. Աթոռի մօտ։



Յառաջիկայ նոյեմբեր 13-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ դեսպանատան Ս. Աթռի մօտ։ այս լուրը հաղորդելով վատիկանի մամլոյ գրասենեակը դիտել կու տայ թէ այս առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահայանապետը այցելութիւն կու տայ Իտալիոյ դեսպանատան Ս. Աթոռի մօտ։

Սրբազան Քահանայապետը պիտի ընդունին տիար Antonio Zanardi Landi, Իտալիոյ դեսպանը Ս. Աթոռին մօտ`Իտալիոյ արտգործնախարար` Franco Frattini եւ Իտալիոյ նախարարութեան խորհուրդի ենթաքարտուղար` Gianni Letta։ Դեսպանատան մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ս. Պորոմէոյի նուիրուած մատուռը, որ բոլորովին վերանորգուած է եւ հոն պիտի ընդունի դեսպանատան անձնակազմը։

Այս չորրորդ անգամն է ո ր Հռոմի պապը այցելութիւն կու տայ Իտալիոյ դեսպանատան, յետ Պիոս ԺԲ-ի 1951-ին, Պօղոս Զ-ի 1964-ին եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 1986-ին։

Յայտնենք` թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկու անգամ այցելած է Իտալիոյ նախագահական պալատը յունիս 2005 յունիս 24-ին եւ 2008 հոկտեմբեր 4-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.